ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 17
17
Քարոզութիւն եւ հալածանք Թեսաղոնիկէի մէջ
1Ամփիպոլիս եւ Ապոլոնիա քաղաքները շրջելէ ետք, Պօղոս եւ Շիղա Թեսաղոնիկէ եկան, ուր Հրեաներու ժողովարան մը կար։ 2Պօղոս ըստ իր սովորութեան ժողովարան գնաց եւ երեք Շաբաթ օրեր անոնց խօսեցաւ։ 3Կը բանար ու կը բացատրէր Սուրբ գիրքերը, անոնցմով կ՚ապացուցանէր, թէ ի՛նչպէս Քրիստոս պիտի չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր, եւ կ՚ըսէր.
–Այն Յիսուսը, որ ես ձեզի կը քարոզեմ, ա՛ն է Քրիստոսը՝ խոստացուած Փրկիչը։
4Թեսաղոնիկեցի Հրեաներէն ոման հաւատացին եւ Պօղոսի ու Շիղայի յարեցան։ Նոյնպէս անոնց յարեցան շատ մը աստուածապաշտ Յոյներ եւ նկատառելի թիւով երեւելի կիներ։
5Հրեայ ղեկավարները նախանձեցան եւ փողոցներէն քանի մը դատարկապորտ անօրէններ հաւաքելով՝ ամբոխ կազմեցին, ամբողջ քաղաքը խռովեցին եւ Յասոնի տան վրայ խուժեցին՝ Պօղոսն ու Շիղան բռնելու եւ ժողովուրդին առջեւ հանելու համար։ 6Բայց երբ զանոնք չգտան, Յասոնն ու քանի մը ուրիշ հաւատացեալներ քաշեցին տարին քաղաքի իշխաններուն առջեւ, պոռալով.
–Այս մարդիկը, որոնք ամբողջ աշխարհը իրար անցուցին, հիմա մեր քաղաքը եկեր են, 7եւ Յասոն իր տունը առեր է զիրենք։ Ասոնք բոլորը կայսրին հրահանգներուն հակառակ կը գործեն, որովհետեւ ուրի՛շ թագաւոր մը կը ճանչնան՝ Յիսուս անունով։
8Այս խօսքերով անոնք խռովեցուցին ամբոխը եւ քաղաքի իշխանները։ 9Սակայն իշխանները Յասոնէն եւ միւս քրիստոնեաներէն երաշխաւորութիւն առնելով՝ ազատ արձակեցին զանոնք։
Առաքեալները Բերիայի մէջ
10Հազիւ գիշերը վրայ հասած՝ քրիստոնեաներ Բերիա ղրկեցին Պօղոսն ու Շիղան, որոնք երբ հոն հասան՝ Հրեաներու ժողովարանը գացին։ 11Բերիայի Հրեաները աւելի ազատամիտ էին քան Թեսաղոնիկեցիները, ուստի մեծ յօժարութեամբ ընդունեցին Աստուծոյ խօսքը եւ ամէն օր Սուրբ գիրքերը կը քննէին, տեսնելու համար թէ ճշմարի՞տ են Պօղոսի քարոզածները։ 12Անոնցմէ շատեր հաւատացին։ Նմանապէս հաւատացին բազմաթիւ ազնուական Յոյն կիներ եւ այրեր։ 13Բայց երբ Թեսաղոնիկէի Հրեաները իմացան թէ Պօղոս Բերիայի մէջ եւս Աստուծոյ խօսքը քարոզեց, հոն ալ եկան՝ ժողովուրդը գրգռելու եւ խռովութիւն ստեղծելու համար։ 14Ուստի հաւատացեալները անմիջապէս Պօղոսը մինչեւ ծովեզերք ղրկեցին, իսկ Շիղա եւ Տիմոթէոս հոն մնացին։ 15Պօղոսի ընկերացողները զինք մինչեւ Աթէնք հասցուցին եւ ապա Բերիա դարձան, Շիղայի եւ Տիմոթէոսի համար Պօղոսէն պատուէր առնելով՝ որ շուտով գան իր մօտ։
Պօղոս Աթէնքի մէջ
16Աթէնքի մէջ, մինչ Պօղոս անոնց կը սպասէր, զայրոյթով կը լեցուէր՝ տեսնելով որ քաղաքը կռապաշտութեան մէջ թաղուած էր։ 17Ուստի ո՛չ միայն ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն եւ աստուածապաշտ Յոյներուն, այլ նաեւ հրապարակի վրայ ամէն օր կը խօսէր՝ որո՛նց որ հանդիպէր։ 18Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան իմաստասէրներէն ոմանք կը հակաճառէին իրեն։ Ուրիշներ կ՚ըսէին.
–Այս իմաստակը ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ։
Իսկ ուրիշներ կ՚ըսէին.
–Կ՚երեւի թէ օտար աստուածներ կը քարոզէ։
Որովհետեւ Յիսուսի մասին կը խօսէր եւ յարութեան աւետիսը կու տար անոնց։ 19Ուստի առին զինք եւ տարին Արիսպագոս եւ կ՚ըսէին.
–Կրնա՞նք լսել՝ թէ ի՛նչ է այդ նոր վարդապետութիւնը, որուն մասին կը խօսիս։ 20Օտարոտի նորութիւններ ըսիր մեզի. հետեւաբար կ՚ուզենք գիտնալ թէ ի՛նչ են ատոնք։
21Որովհետեւ ընդհանրապէս բոլոր Աթենացիները եւ հոն բնակող օտարականները ուրիշ զբաղում չունէին՝ բացի վերջին նորութիւնները լսելէ եւ պատմելէ։
22Պօղոս Արիսպագոսին մէջտեղը կանգնեցաւ եւ ըսաւ.
–Ո՜վ Աթենացիներ, կը տեսնեմ որ ծայր աստիճան կրօնասէր էք ամէն ինչով. 23որովհետեւ երբ կը պտըտէի եւ աչքէ կ՚անցընէի ձեր պաշտամունքի վայրերը, տեսայ բագին մը, որուն վրայ գրուած էր. «Անծանօթ Աստուծոյ»։ Ահա, ինչ որ դուք առանց ճանչնալու կը պաշտէք՝ նոյնը կը քարոզեմ ես ձեզի։ 24Այն Աստուածը՝ որ ստեղծեց աշխարհը եւ ինչ որ կայ անոր մէջ, ան՝ որ երկինքի եւ երկրի Տէրն է, որ ո՛չ ձեռակերտ տաճարներու մէջ կը բնակի, 25ո՛չ ալ մարդոց կողմէ ծառայութեան կը կարօտի մարդոց պէս։ Ան է որ բոլորին կեանք, շունչ եւ ամէն ինչ կու տայ։ 26Ան է որ միակ մարդէ մը ամբողջ մարդկութիւնը յառաջ բերաւ, 27որպէսզի աշխարհի բոլոր կողմերը բնակին։ Յատուկ ժամանակաշրջաններ սահմանեց եւ բնակութեան սահմաններ ճշդեց անոնց, որպէսզի զԱստուած փնտռեն, եւ թերեւս խարխափելով գտնեն զայն։ Եւ արդարեւ հեռու ալ չէ մեզմէ իւրաքանչիւրէն։ 28Որովհետեւ «Իրմով է որ կ՚ապրինք, կը շարժինք եւ կանք», ինչպէս որ ձեր բանաստեղծներէն մէկն ալ ըսած է՝ «Մենք անոր զաւակներն ենք»։ 29Քանի ուրեմն Աստուծոյ զաւակներն ենք, ի՞նչպէս կրնանք խորհիլ՝ թէ աստուածութիւնը ոսկիով, արծաթով կամ քարով շինուած եւ մարդկային ճարտարութեան ու մտքի ծնունդ եղող քանդակներու կը նմանի։ 30Բայց արդ, Աստուած կամաւորաբար մոռնալով այդ ժամանակները, երբ մարդիկ չէին ճանչնար զինք, հիմա ամենուրեք բոլոր մարդոց կը պատուիրէ՝ ապաշխարել։ 31Որովհետեւ օր մը սահմանեց, երբ արդարութեամբ պիտի դատէ ամբողջ աշխարհը մարդու մը ձեռքով, որուն միջոցաւ ուզեց հաւատք ներշնչել բոլորին՝ զայն մեռելներէն յարուցանելով։
32Երբ մեռելներու յարութեան մասին լսեցին, ոմանք սկսան ծաղրել, իսկ ուրիշներ ըսին.
–Այս մասին ուրիշ անգամ նորէն կ՚ուզենք լսել քեզմէ։
33Այսպիսով Պօղոս թողուց զանոնք եւ գնաց։ 34Բայց քանի մը հոգիներ իրեն յարեցան եւ հաւատացին։ Ասոնց մէջ էին Դիոնիսիոս Արիսպագացին, Դամարիս անունով կին մը եւ ասոնց հետ ուրիշներ։
Currently Selected:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 17: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019