ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 13
13
Սէր
1Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուները խօսիմ, բայց սէր չունենամ, ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ունենամ պղինձէ շեփորէն որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներէն որ կը ղօղանջեն։ 2Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունենամ, կարենամ բոլոր խորհուրդներու խորքը թափանցել եւ հասնիմ ամբողջական գիտութեան, եւ նոյնիսկ լեռները տեղափոխելու չափ զօրաւոր հաւատք ունենամ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ կ՚արժեմ։ 3Ի՞նչ օգուտ, եթէ բոլոր ինչքերս աղքատներուն տամ եւ նոյնիսկ մարմինս կրակի մատնեմ. եթէ սէր չունիմ՝ ոչինչով կ՚օգտուիմ։
4Սէր ունեցողը համբերատար կ՚ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ։ Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, 5անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, 6անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան։ 7Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ։
8Սէրը անվախճան է, մինչդեռ այս կեանքին հետ մարգարէական պատգամները վերջ պիտի գտնեն, հրեշտակներու լեզուներով խօսիլը պիտի դադրի, գիտութիւնն ալ վերջ պիտի գտնէ։ 9Այժմ մեր գիտցածը անկատար է եւ մեր մարգարէութիւնն ալ՝ մասնակի։ 10Բայց երբ կատարեալը գայ, այս անկատարութիւնը վերջ պիտի գտնէ։
11Երբ երեխայ էի՝ երեխայի պէս կը խօսէի, երեխայի պէս կը խորհէի եւ երեխայի պէս կը տրամաբանէի. իսկ երբ տղամարդ դարձայ, բոլոր երեխայական բաները մէկ կողմ դրի։ 12Նոյնպէս ալ, մենք այժմ զԱստուած կը տեսնենք աղօտ կերպով, կարծես հայելիի մը մէջէն. բայց երբ ամէն բանի կատարումը գայ՝ զայն պիտի տեսնենք դէմ առ դէմ։ Այժմ միայն մասնակիօրէն կը ճանչնամ զԱստուած, բայց այն ատեն պիտի ճանչնամ ամբողջապէս, ճիշդ ինչպէս ի՛նք զիս կը ճանչնայ։
13Ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է։
Currently Selected:
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 13: WANTACoC
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019