YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 12

12
Սուրբ Հոգիին պարգեւները
1Ինչ կը վերաբերի հոգեւոր պարգեւներուն մասին ձեր հարցումին, կ՚ուզեմ որ գիտնաք ճշմարտութիւնը, եղբայրնե՛ր։ 2Գիտէք հարկաւ, թէ մինչ հեթանոս էիք՝ ի՛նչպէս անշունչ կուռքերէն մէկէն միւսը կը քաշկռտուէիք։ 3Ուստի կ՚ուզեմ որ հասկնաք, թէ ոեւէ մէկը որ Աստուծոյ Հոգիէն մղուած կը խօսի՝ չի կրնար ըսել՝ «Նզովեալ ըլլայ Յիսուս»։ Նոյնպէս ալ, ո՛չ ոք կրնայ խոստովանիլ թէ «Յիսուս Տէր է», եթէ Սուրբ Հոգին չունենայ։
4Թէպէտ շնորհքները զանազան են, բայց նոյն Հոգին է տուողը։ 5Զանազան հոգեւոր պաշտօններ կան, այո՛, բայց նոյն Տէրն է զայն բաշխողը։ 6Նոյնպէս ալ, ծառայելու զանազան կարողութիւններ կան, բայց նոյն Աստուածն է որ զանոնք կու տայ իւրաքանչիւրին։ 7Սուրբ Հոգին ամէն մէկուն մէջ կը յայտնուի տարբեր ձեւով մը, հասարակաց օգուտին համար։ 8Այսպէս, Սուրբ Հոգին մէկուն կարողութիւն կու տայ իմաստութեամբ յորդորելու, միւսին՝ նոյն Հոգին կարողութիւն կու տայ հոգեւոր գիտութեան հասնելու եւ ուսուցանելու։ 9Նոյն Հոգին երրորդի մը հաւատք կու տայ, ուրիշի մը՝ բժշկելու զօրութիւն. 10ուրիշի մը՝ հրաշագործութեան կարողութիւնը կու տայ, ուրիշի մը՝ մարգարէական պատգամախօսութիւն, ուրիշ մէկուն՝ Հոգիէն տրուած պարգեւները ճանչնալու կարողութիւն, ուրիշի մը՝ յափշտակութեան մէջ լեզուներ խօսելու շնորհք, իսկ ուրիշի մը՝ այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանելու կարողութիւն։ 11Միեւնոյն Հոգին է որ այս բոլորը կը կատարէ՝ իւրաքանչիւրին յատուկ շնորհք մը տալով, ինչպէս որ ինք կ՚ուզէ։
Մէկ մարմին՝ բազմաթիւ անդամներով
12Ինչպէս մարմինը իր զանազան անդամներով մէկ ամբողջութիւն է, այսինքն՝ բոլոր անդամները միասին մէկ մարմին կը կազմեն, նոյնպէս է նաեւ Քրիստոս։ 13Որովհետեւ մենք բոլորս՝ Հրեայ թէ հեթանոս, ծառայ թէ ազատ, նոյն Հոգիով մկրտուեցանք՝ մէկ մարմին կազմելու համար, եւ ամէնքս ալ նոյն Հոգիէն խմեցինք։ 14Մարմին ըսելով՝ անդամներէն միայն մէկը չենք հասկնար, այլ անդամներուն ամբողջութիւնը։ 15Եթէ ոտքը ըսէ՝ «Ես ձեռք չեմ, ուրեմն մարմինին մաս չեմ կազմեր», ատով չի դադրիր մարմինին մէկ անդամը ըլլալէ։ 16Եթէ ականջը ըսէ՝ «Որովհետեւ աչք չեմ, մարմինին մաս չեմ կազմեր», դարձեալ չի դադրիր մարմինին մէկ անդամը ըլլալէ։ 17Եթէ ամբողջ մարմինը աչք ըլլար, մարդ ինչո՞վ պիտի լսէր։ Եթէ ամբողջ մարմինը ականջ ըլլար, ինչո՞վ պիտի հոտոտար։ 18Բայց Աստուած անդամներէն իւրաքանչիւրը դրաւ մարմինին մէջ, այնպէս՝ ինչպէս ինք կամեցաւ։ 19Մարմինը մարմին պիտի ըլլա՞ր, եթէ միայն մէկ տեսակ անդամ ունենար։ 20Յստակ է ուրեմն, թէ բազմաթիւ են անդամները, բայց մարմինը մէկ է։ 21Աչքը չի կրնար ձեռքին ըսել՝ «Քեզի պէտք չունիմ»։ Ո՛չ ալ գլուխը ոտքերուն՝ թէ «Ձեզի պէտք չունիմ»։ 22Ընդհակառակը, մարմինին ամենէն տկար կարծուած անդամները ամենէն կարեւորներնեն։ 23Այն անդամները որ ամենէն անարգը կը համարենք՝ անոնց աւելի շատ պատիւ կ՚ընծայենք, եւ ամօթոյք նկատուած մեր անդամները աւելի պարկեշտութեամբ կը ծածկենք, 24քանի մեր պարկեշտ անդամները ատոր կարիքը չունին։ Աստուած ի՛նք է որ այդպէս կազմած է մարմինը, նուազ պատուաւորին աւելի պատիւ տալով, 25որպէսզի մարմինին մէջ պառակտումներ չըլլան, այլ՝ որպէսզի անդամները իրարու հանդէպ նոյն հոգածութիւնը ունենան։ 26Եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին, իսկ եթէ մէկ անդամը պատուըուի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կ՚ուրախանան։
Դուք Քրիստոսի մարմինն էք
27Արդ, դուք թէպէտ առանձին–առանձին անդամներ էք, բայց միասնաբար կը կազմէք Քրիստոսի մարմինը։ 28Այդ մարմինին, այսինքն՝ եկեղեցիին մէջ Աստուած բազմաթիւ անդամներ կարգեց՝ զանազան ծառայութեանց համար. նախ՝ առաքեալները, երկրորդ մարգարէները, երրորդ՝ ուսուցանողները, ապա՝ հրաշագործ զօրութիւն ունեցողները, եւ դեռ՝ բժշկելու շնորհք ունեցողները, ուրիշներուն օգնելու ընդունակները, վարչական կարողութեամբ օժտուածները, յափշտակութեան մէջ լեզուներ խօսողները եւ այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանելու ատակ մարդիկը։ 29Արդ, միթէ բոլորը առաքեա՞լ են. բոլորը մարգարէ՞ են. բոլորը ուսուցանո՞ղ են. բոլորը հրաշագործ զօրութիւն ունի՞ն. 30միթէ բոլորը բժշկելու շնորհքո՞վ օժտուած են. բոլորը լեզուներ խօսելու պարգե՞ւը ունին. կամ բոլորը կրնա՞ն այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանել։ 31Հետեւաբար՝ ձգտեցէք հասնիլ այն շնորհքներուն, որոնք լաւագոյնն են։
Բայց հիմա ես լաւագոյն ճամբան ցոյց պիտի տամ։

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in