YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 14

14
Լեզուներ խօսելու եւ մարգարէական շնորհքները
1Ուրեմն՝ սիրոյ հետամուտ եղէք։ Միաժամանակհոգեւոր պարգեւներուն փափաքող եղէք, մանաւանդ մարգարէութեան։ 2Որովհետեւ, օրինակ, անծանօթ լեզուներով խօսողը մարդոց չէ որ կը խօսի, այլ՝ Աստուծոյ. որովհետեւ ո՛չ ոք զինք կը հասկնայ, թէպէտեւ անիկա Հոգիին զօրութեամբ խորհուրդներ կը պատմէ։ 3Մինչդեռ մարգարէութիւն ընողը մարդոց կը խօսի՝ անոնց հաւատքը ամրապնդելու, զանոնք մխիթարելու եւ քաջալերելու համար։ 4Լեզուներ խօսողը միայն ի՛նք կ՚օգտուի, մինչդեռ Աստուծոյ պատգամները հռչակողը՝ ամբողջ եկեղեցիին շինութիւն կը բերէ։ 5Ես պիտի ուզէի որ բոլորդ ալ լեզուներ խօսիք, բայց կը նախըտրեմ որ մարգարէութիւն ընէք. որովհետեւ մարգարէութիւն ընողը աւելի՛ օգտակար կ՚ըլլայ, քան լեզուներով խօսողը, բացի այն պարագայէն՝ երբ թարգմանող մը գտնուի, եւ ամբողջ եկեղեցին օգտուի։
6Հիմա, եղբայրնե՛ր, եթէ ձեզի գամ եւ անծանօթ լեզուներով խօսիմ, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենամ ձեզի՝ եթէ խօսածս Աստուծոյ մէկ յայտնութիւնը կամ որոշ գիտութիւն մը կամ մարգարէական պատգամ մը կամ ուսուցում մը չըլլայ։ 7Օրինակ առէք երաժշտական անշունչ գործիքները, սրինգը կամ քնարը. եթէ ասոնք որոշակի հնչիւններ չարտաբերեն՝ ի՞նչպէս պիտի ճանչցուին սրինգով կամ քնարով նուագուածները։ 8Կամ եթէ փողը պատերազմական կոչին փոխարէն անորոշ ձայներ արձակէ՝ ո՞վ պատերազմի կը պատրաստուի։ 9Ճիշդ այդպէս ալ, եթէ դուք լեզուով հասկնալի չդարձնէք խօսքը, ի՞նչպէս պիտի հասկցուին խօսուածները։ Այլապէս՝ օդին խօսած պիտի ըլլաք։ 10Ով գիտէ քանի՜ տեսակ լեզուներ կան աշխարհի վրայ, բայց ոեւէ մէկն ալ անհասկնալի չէ։ 11Եւ սակայն, եթէ ես չեմ հասկնար խօսուած լեզուն՝ անհաղորդ կը մնամ խօսուածին եւ խօսողին, ինչպէս ինքը՝ ինծի։ 12Հետեւաբար դուք ալ, քանի որ հոգեւոր պարգեւներուն կը փափաքիք, ջանացէք մանաւանդ տիրանալ ա՛յն պարգեւներուն՝ որոնք եկեղեցւոյ օգուտին կը նպաստեն։
13Այն անձը որ անծանօթ լեզուներով կը խօսի՝ թող աղօթէ որ Աստուած անոնց թարգմանութեան պարգեւն ալ տայ իրեն։ 14Որովհետեւ, եթէ անծանօթ լեզուներով կ՚աղօթեմ՝ հոգիս է որ կ՚աղօթէ, բայց միտքս չ՚օգտուիր անկէ։ 15Ուրե՞մն. ի՞նչ պէտք է ընել։ Անշուշտ պէտք է հոգիով աղօթեմ, բայց պէտք է նաեւ միտքով աղօթեմ։ Պէտք է հոգիով սաղմոսեմ, բայց պէտք է նաեւ միտքով սաղմոսեմ։ 16Այլապէս, եթէ միայն հոգիով գոհութիւն տաս Աստուծոյ, քու գոհութեանդ ի՞նչպէս «Ամէն» պիտի պատասխանէ անտեղեակ հաւատացեալ մը, որովհետեւ չի՛ հասկնար ինչ որ կ՚ըսես։ 17Քու գոհաբանութիւնդ կրնայ շատ լաւ ըլլալ, բայց ուրիշը անկէ չ՚օգտուիր։ 18Փառք Աստուծոյ, ես ձեր բոլորէն աւելի կը խօսիմ անծանօթ լեզուներով. 19բայց եկեղեցիին մէջ կը նախընտրեմ միայն հինգ բառ ըսել, բայց հասկնալի լեզուով ըսել՝ որպէսզի ուրիշներն ալ բան մը սորվին, քան թէ տասնեակ հազար բառ՝ անծանօթ լեզուներով։ 20Եղբայրնե՛ր, միտքով երեխայ մի՛ ըլլաք. երեխաներու պէս եղէք միայն չարիք խորհելու մէջ. իսկ անկէ դուրս՝ հասուն մարդու պէս խորհեցէք։ 21Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է.–
«Օտար լեզուներ խօսող մարդոցմով,
օտարներու շրթներով պիտի խօսիմ
այս ժողովուրդին,
եւ դարձեալ մտիկ պիտի չընեն ինծի».– կ՚ըսէ Տէրը։
22Կը նշանակէ թէ՝ անծանօթ լեզուներով խօսիլը նշան մըն է, ո՛չ թէ հաւատացեալներուն, այլ՝ անհաւատներուն համար. մինչդեռ մարգարէական պատգամախօսութիւնը անհաւատներուն համար չէ, այլ՝ հաւատացեալներուն։ 23Երեւակայեցէք պահ մը, որ ամբողջ եկեղեցին մէկտեղ հաւաքուի եւ բոլորը սկսին լեզուներով խօսիլ. եթէ պատահի որ անհաւատներ կամ անտեղեակ հաւատացեալներ ներս մտնեն, պիտի չըսե՞ն՝ «Խենթեցե՞ր էք»։ 24Մինչդեռ եթէ պատահի որ անհաւատ մը կամ անտեղեակ հաւատացեալ մը ներս մտնէ՝ երբ բոլորն ալ Աստուծոյ պատգամները կը հռչակեն, այնպէս կը զգայ՝ թէ այդ պատգամներով իր յանցանքներն է որ կը յանդիմանուին ու կը քննուին, 25իր սրտի գաղտնիքներն են որ երեւան կու գան. եւ ուստի գետին կը խոնարհի ու երկրպագութիւն կ՚ընէ Աստուծոյ, խոստովանելով թէ՝ «Արդարեւ Աստուած ձեր մէջ ներկայ է»։
Կարգ ու կանոն եկեղեցիէն ներս
26Ուրեմն, եղբայրնե՛ր. ի՞նչ ընել։ Երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ձեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ շնորհք ալ ունենայ՝ սաղմոսելու, ուսուցանելու, Աստուծոյ մէկ յայտնութիւնը բերելու, անծանօթ լեզուներով խօսելու թէ այդ լեզուներով խօսուածը բացատրելու, թող այդ բոլորը եկեղեցւոյ օգուտին ծառայեցնէ։ 27Լեզուներով խօսիլ ուզողնե՞ր կան. թող երկու, շատ–շատ երեք հոգի խօսին, եւ այն ալ՝ մէկ առ մէկ, իսկ ուրիշ մը թող անոնց խօսածները բացատրէ։ 28Իսկ եթէ չկայ մէկը որ բացատրէ, այնպիսիներ թող լուռ մնան եկեղեցիին մէջ, թող իրենց միտքին մէջ Աստուծոյ հետ խօսին։ 29Բայց եթէ Աստուծոյ պատգամները քարոզողներ կան՝ թող երկու կամ երեք հոգի խօսին, իսկ միւսները թող քննարկեն ըսուածները։ 30Եթէ պատահի որ մէկու մը խօսած ատեն նստողներէն մէկը Աստուծմէ յայտնութիւն մը ունենայ, թող առաջին խօսողը լռէ։ 31Բոլորդ ալ կրնաք մէկ առ մէկ Աստուծոյ պատգամախօսը ըլլալ, որպէսզի ամէնքն ալ սորվին եւ բոլորն ալ քաջալերուին։ 32Արդարեւ, մարգարէութեան հոգին մարգարէին կ՚ենթարկուի. 33որովհետեւ Աստուած անկարգութիւն չի կամենար, այլ՝ խաղաղութիւն, ինչպէս որ նոյնն է պարագան Աստուծոյ ժողովուրդին՝ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
34Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կիները պէտք է լուռ մնան, որովհետեւ իրենց արտօնուած չէ խօսիլ, այլ միայն՝ հնազանդութեամբ լսել, ինչպէս Աստուծոյ Օրէնքն ալ կ՚ըսէ։ 35Իսկ եթէ կ՚ուզեն ոեւէ բանի մասին աւելի գիտնալ, թող տունը իրենց ամուսիններուն հարցնեն. որովհետեւ պատշաճ չէ որ կին մը եկեղեցւոյ մէջ խօսի։ 36Այս մասին դուք ձեզի որոշումներ մի՛ առնէք։ Միթէ Աստուծոյ խօսքը ձեզմէ՞ ելաւ. կամ միայն ձեզի՞ հասաւ։ 37Ով որ կը կարծէ թէ ինք Աստուծոյ պատգամախօսն է կամ հոգեւոր պարգեւ մը ունի, թող գիտնայ որ ինչ որ գրեցի ձեզի՝ Տիրոջ պատուիրածներն են։ 38Իսկ ով որ պատուէրները անտեսէ՝ դուք ալ զինք անտեսեցէք։
39Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, առաւելաբար ջանացէք Աստուծոյ պատգամները քարոզել. բայց անծանօթ լեզուներով խօսիլն ալ մի՛ արգիլէք։ 40Եւ ինչ որ կ՚ընէք՝ թող վայելուչ ու կարգ կանոնով ըլլայ։

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in