ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 11
11
1Հետեւաբար ինծի նմանեցէք, ինչպէս ես՝ Քրիստոսի։
Այր եւ կին՝ պաշտամունքի ատեն
2Կը գովեմ ձեզ, որ կը յիշէք ամէն ինչ որ սորվեցուցի ձեզի, եւ ինչպէս որ ձեզի աւանդեցի՝ այնպէս կը պահէք։ 3Բայց կ՚ուզեմ որ գիտնաք, նաեւ, թէ ոեւէ այր մարդու գլուխը Քրիստոս է, եւ կնոջ մը գլուխը՝ իր այրը, իսկ Քրիստոսի գլուխը՝ Աստուած։ 4Ոեւէ մարդ երբ աղօթած կամ մարգարէական պատգամախօսութիւն ըրած ատեն իր գլուխը ծածկուած կը պահէ, իր գլուխը՝ այսինքն Քրիստոսը անպատուած կ՚ըլլայ։ 5Մինչդեռ ոեւէ կին երբ բաց գլուխով կ՚աղօթէ կամ մարգարէական պատգամախօսութիւն կ՚ընէ, իր գլուխը՝ այսինքն իր ամուսինը անպատուած կ՚ըլլայ, որովհետեւ ոեւէ տարբերութիւն չ՚ունենար անպատիւ կնոջմէ մը, որուն մազերը կը կտրեն։ 6Եթէ կին մը քողով չի ծածկեր իր գլուխը, թող կտրէ իր մազերը՝ ի նշան անպատուութեան. իսկ եթէ կնոջ մը համար նախատինք է մազերը կտրելը կամ ածիլելը, թող քողով ծածկուի։ 7Այր մարդը Աստուծոյ պատկերը եւ փառքը ըլլալով՝ պէտք չէ իր գլուխը ծածկէ, իսկ կինը իր ամուսինին փառքն է։ 8Որովհետեւ մարդը կնոջմէ սկիզբ չէ առած, այլ՝ կինն է որ սկիզբ առած է մարդէն։ 9Նոյնպէս ալ, մարդը չէր որ կնոջ համար ստեղծուեցաւ, այլ կինը՝ մարդուն համար։ 10Ահա թէ ինչու՝ կին մը պէտք է աղօթքի ատեն քողով ծածկէ իր գլուխը, ճիշդ ինչպէս հրեշտակներ իրենց դէմքերը կը ծածկեն Աստուծոյ ներկայութեան։ 11Բայց եւ այնպէս, քրիստոնէական հասկացողութեամբ՝ չկայ կին առանց մարդու, ոչ ալ մարդ՝ առանց կնոջ։ 12Որովհետեւ եթէ կինը այր մարդէն սկիզբ առած է, մարդն ալ կնոջմէ կը ծնի, եւ բոլորն ալ Աստուծմով կան։ 13Դո՛ւք դատեցէք, թէ արդեօք պատշա՞ճ է որ կին մը բաց գլուխով Աստուծոյ դիմաց աղօթքի կանգնի։ 14Բնութիւնը ինք ձեզի չի՞ սորվեցներ՝ թէ այր մարդուն համար երկար մազ ունենալը անարգանք է, 15մինչդեռ կնոջ համար երկար մազերը փառք են, քանի Աստուած ծածկոցի փոխարէն տուած է զանոնք։ 16Այս բոլորէն ետք, եթէ մէկը դարձեալ ուզէ առարկութիւն ընել այս մասին՝ մենք միայն կ՚ըսենք.– Ո՛չ մենք, ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիները՝ ուրիշ սովորութիւն չենք ճանչնար։
Տէրունի Ընթրիքը
17Հետեւեալ պատուէրն ալ ունիմ ձեզի,– եւ այս կէտին մէջ ձեզ չեմ գովեր,– որովհետեւ կը լսեմ թէ ձեր հաւաքոյթները աւելի վնաս կու տան ձեզի, քան օգուտ։ 18Նախ՝ որովհետեւ երբ ամբողջ եկեղեցիով մէկտեղ կը հաւաքուիք՝ հակառակ խումբերու կը բաժնուիք, ըստ լսածիս։ Եւ մասամբ մը կը հաւատամ ատոր։ 19Անշուշտ որ պառակտումներ պիտի ըլլան ձեր մէջ, որպէսզի անով յայտնուին՝ թէ ձեզմէ որոնք են իսկական ընտրեալները։ 20-21Երկրորդ, կը լսեմ որ Տէրունի Ընթրիքին համար ձեր հաւաքոյթներու ընթացքին ձեզմէ իւրաքանչիւրը սկիզբէն ընթրիքին վրայ կ՚իյնայ, այնպէս որ ոմանք անօթի կը մնան, իսկ ուրիշներ կը գինովնան։ Ատիկա Տէրունի Ընթրի՞ք եղաւ։ 22Ուտել–խմելու համար դուք ձեր տուները չունի՞ք, որ Աստուծոյ եկեղեցին կ՚արհամարհէք եւ չքաւորները ամօթով կը ձգէք։ Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ըսեմ ձեզի. գովե՞մ։ Ո՛չ, չեմ գովեր։
23Ես Տիրոջմէ առի ինչ որ ձեզի աւանդեցի, թէ Տէր Յիսուս իր մատնութեան գիշերը հաց առաւ, 24Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց, կտրեց զայն եւ ըսաւ. «Ասիկա իմ մարմինս է, որ ձեզի համար կը բաշխուի։ Ասիկա կատարեցէք զիս յիշելու համար»։ 25Ընթրիքէն ետք նոյն ձեւով բաժակը առաւ եւ ըսաւ. «Այս բաժակը Աստուծոյ Նոր Ուխտն է, որ իմ արիւնովս կը կնքուի։ Ասիկա կատարեցէք միշտ, եւ ամէն անգամ որ անկէ խմէք՝ զիս յիշեցէք»։ 26Հետեւաբար, ամէն անգամ որ այս հացը կ՚ուտէք եւ բաժակէն կը խմէք, Տիրոջ մահը կը պատմէք, մինչեւ իր երկրորդ գալուստը։ 27Այսուհետեւ՝ ո՛վ որ անարժանութեամբ ուտէ այս հացը կամ խմէ Տիրոջ բաժակէն, Տիրոջ մարմինին եւ արեան դէմ մեղանչած կ՚ըլլայ։ 28Ուստի ամէն մարդ նախ ինքզինքը թող քննէ եւ ապա միայն այս հացէն ուտէ եւ բաժակէն խմէ, 29որովհետեւ ով որ անարժանութեամբ կ՚ուտէ եւ կը խմէ՝ այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապարտութեան կ՚ենթարկէ, քանի որ զանազանութիւն չի դներ սովորական հացին եւ Տիրոջ մարմինին միջեւ։ 30Այս է ահա պատճառը, որ ձեր մէջ բազմաթիւ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան եւ բազմաթիւ են նաեւ անոնք՝ որ նոյն պատճառով մեռան։ 31Եթէ երբեք մենք մեզ քննէինք, չէինք պատժուեր։ 32Իսկ եթէ կը պատժուինք, Տէրը այդ ձեւով կը խրատէ մեզ, որպէսզի չըլլայ որ աշխարհի հետ միասին դատապարտուինք։
33Ուստի, եղբայրնե՛րս, երբ Տիրոջ ընթրիքէն ճաշակելու համար իրարու քով կը հաւաքուիք, նախ իրարու սպասեցէք։ 34Իսկ ով որ անօթի է՝ թող իր տունը ուտէ, որպէսզի ձեր հաւաքոյթը դատապարտութեան առիթ չըլլայ։ Գալով մնացեալ հարցերուն, երբ որ գամ՝ պէտք եղածը կը կարգադրեմ։
Currently Selected:
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 11: WANTACoC
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019