ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 10
10
Կռապաշտութենէ հեռու
1Եղբայրնե՛ր, մի՛ մոռնաք որ Եգիպտոսէն ելլող մեր հայրերը բոլորն ալ ամպին առաջնորդութեան եւ պահպանութեան տակ էին եւ բոլորն ալ Կարմիր ծովէն անցան, 2եւ Մովսէսի հետեւելով՝ բոլորն ալ մկրտուեցան ամպին եւ ծովուն մէջ։ 3Բոլորն ալ նոյն հոգեւոր ուտելիքը կերան 4եւ բոլորն ալ նոյն հոգեւոր ըմպելիքը խմեցին, որովհետեւ խմեցին հոգեւոր ժայռէ մը՝ որ իրենց հետ կ՚երթար. եւ այդ ժայռը Քրիստոս ինքն էր։ 5Բայց անոնց մեծագոյն մասը հաճելի չեղաւ Աստուծոյ, ուստի անոնց դիակները անապատին մէջ տարտղնուեցան։
6Այս բաները պատահեցան՝ իբրեւ օրինակ մեզի, որպէսզի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին. 7եւ ո՛չ ալ կուռքեր պաշտենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պաշտեցին, Սուրբ գիրքին վկայութեան համաձայն, որ կ՚ըսէ. «Ժողովուրդը նստաւ, կերաւ ու խմեց, եւ ելաւ պարեց կուռքին առջեւ»։ 8Չըլլա՛յ նաեւ որ պոռնկութիւն ընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք ըրին, որուն համար ալ մէկ օրուան մէջ քսանչորս հազար հոգիներ ինկան մեռան։ 9Եւ չըլլայ որ Տէրը փորձենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին եւ այդ պատճառով ալ օձերէն խայթուելով՝ սպաննուեցան։ 10Կամ չըլլայ որ տրտնջանք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջացին եւ Մահուան Հրեշտակին ձեռքով կոտորուեցան։ 11Այս բոլորը անոնց պատահեցան՝ իբրեւ օրինակ գալիքին, եւ գրուեցան՝ իբրեւ ազդարարութիւն մեզի, որ ժամանակներու վախճանին մօտեցեր ենք։ 12Ահա թէ ինչու, ով որ կը կարծէ թէ կանգուն է՝ թող զգոյշ ըլլայ որ չիյնայ։ 13Ձեր կրած փորձութիւնները մարդկային սահմաններէն դուրս փորձութիւններ չեն։ Բայց վստահեցէ՛ք Աստուծոյ. անիկա թոյլ պիտի չտայ որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, այլ՝ փորձութեան մէջ իսկ ցոյց պիտի տայ զայն յաղթահարելու միջոցը, որպէսզի կարենաք տոկալ։
14Հետեւաբար, սիրելինե՛րս, կռապաշտութենէ հեռո՛ւ փախէք։ 15Ձեզի կը խօսիմ՝ իբրեւ գիտակից մարդոց. դո՛ւք դատեցէք ինչ որ կ՚ըսեմ։ 16Երբ կը խմենք օրհնութեան այն բաժակէն՝ որ Տիրոջ Ընթրիքի յիշատակին կ՚օրհնենք, միթէ Քրիստոսի արեան հաղորդուած չե՞նք ըլլար։ Եւ երբ կը ճաշակենք այն հացէն՝ որ կը բեկանենք, միթէ Քրիստոսի մարմինին հաղորդուած չե՞նք ըլլար։ 17Մենք բոլորս մէկ հաց, մէկ մարմին ենք, որովհետեւ նոյն եւ միակ հացէն կը ճաշակենք։ 18Նայեցէ՛ք Իսրայէլի ժողովուրդին. անոնք որ իրենց մատուցած զոհերէն կը ճաշակեն՝ Աստուծոյ հաղորդակից չե՞ն ըլլար։ 19Արդ, այս օրինակը առի՝ հետեւեալը ըսելու համար։ Ո՛չ կուռքերուն զոհուած կերակուրը կարեւորութիւն մը ունի, ո՛չ ալ կուռքը նշանակութիւն մը ունի։ 20Բայց որովհետեւ հեթանոսներ ինչ որ կը զոհեն՝ դեւերուն կը զոհեն, եւ ոչ՝ Աստուծոյ, չեմ ուզեր որ դուք դեւերուն հաղորդակից եղած ըլլաք։ 21Որովհետեւ կարելի չէ՛ որ Տիրոջ բաժակէն խմէք եւ միաժամանակ խմէք դեւերու բաժակէն։ Նոյնպէս, կարելի չէ որ Տիրոջ սեղանէն ճաշակէք եւ միաժամանակ ուտէք դեւերու սեղանէն։ 22Ի՞նչ է, Տիրոջ արդար զայրո՞յթը շարժել կ՚ուզենք. միթէ իրմէ աւելի զօրաւո՞ր ենք։
Ամէն ինչ Աստուծոյ փառքին համար
23Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց ամէն ինչ օգտակար չէ։ Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց ամէն ինչ չ՚օգներ ուրիշներու հաւատքը ամրապնդելու։ 24Ոեւէ մէկը միայն ինքզինք թող չմտածէ, այլ նաեւ՝ իր ընկերոջ մասին։
25Ոեւէ միս որ շուկային մէջ կը ծախուի՝ կերէք, առանց խղճմտանքի հարց հանելու։ 26Որովհետեւ «Աշխարհը իր ամբողջութեամբ Տիրոջ կը պատկանի»։
27Եթէ հեթանոս մը ձեզ ճաշի հրաւիրէ եւ ուզէք երթալ, ի՛նչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք, առանց խղճի հարց հանելու։ 28Իսկ եթէ պատահի որ մէկը ձեզի ըսէ. «Ատիկա կուռքերուն զոհուած միս է», այդ պարագային մի՛ ուտէք, այն մարդուն համար՝ որ ձեզի յայտնեց, որպէսզի խղճի հարց չծագի։ 29Խղճի հարց ըսելով՝ ձեր սեփականը չեմ հասկնար, այլ՝ ձեր ընկերոջը։ Բայց ուրիշ ոեւէ պարագայի՝ ինչո՞ւ ուրիշին խղճմտանքը իմ ազատութիւնս պիտի կաշկանդէ։ 30Եթէ ես Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելով կ՚ուտեմ, ինչո՞ւ պիտի մեղադրուիմ ուտելիքի մը պատճառով՝ որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ։ 31Հետեւաբար, թէ՛ կերած–խմած ատեն եւ թէ՛ ոեւէ ուրիշ պարագայի՝ կը բաւէ որ ամէն ինչ Աստուծոյ փառքին համար ընէք։ 32Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք՝ ո՛չ Հրեաներուն, ո՛չ հեթանոսներուն եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիին։ 33Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ես կը փորձեմ բոլորն ալ սիրաշահիլ։ Ո՛չ թէ իմ անձիս օգուտը կը փնտռեմ, այլ՝ բոլորինը, որպէսզի փրկուին։
Currently Selected:
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 10: WANTACoC
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019