ՍԱՂՄՈՍ 86
86
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աղօթք Դաւիթի
1Ո՛վ Տէր, խոնարհեցուր քու ականջդ։
Պատասխան տո՛ւր ինծի, վասն զի աղքատ ու տնանկ եմ։
2Պահէ իմ անձս, վասն զի ես սուրբ եմ։
Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացող ծառադ դո՛ւն փրկէ։
3Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր,
Վասն զի քեզի կը կանչեմ ամէն օր։
4Ուրախացուր քու ծառայիդ անձը,
Վասն զի դէպի քեզ կը վերցնեմ իմ անձս, ո՜վ Տէր։
5Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես
Եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն։
6Ակա՛նջ դիր իմ աղօթքիս, ո՛վ Տէր
Ու մտի՛կ ըրէ իմ աղաչանքներուս ձայնին։
7Նեղութեանս օրը քեզի կ’աղաղակեմ,
Վասն զի դուն ինծի կը պատասխանես։
8Աստուածներուն մէջ քեզի նման մէկը չկայ, ո՛վ Տէր
Եւ քու գործերուդ պէս չկայ։
9Բոլոր ազգերը, որոնք դուն ստեղծեցիր, պիտի գան
Ու երկրպագութիւն ընեն քու առջեւդ, ո՛վ Տէր
Եւ քու անուանդ փառք պիտի տան։
10Վասն զի դուն մեծ ես ու հրաշքներ կ’ընես։
Միայն դո՛ւն Աստուած ես։
11Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ,
Որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ.
# 86:11 Կամ, Իմ սիրտս պիտի ուրախանայ Միացուր իմ սիրտս՝ ՝, որպէս զի քու անունէդ վախնայ։
12Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս
Ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ։
13Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ եղաւ իմ վրաս
Ու դուն փրկեցիր իմ անձս խորունկ դժոխքէն։
14Ո՛վ Աստուած, ամբարտաւանները ինծի դէմ ելան
Ու խումբ մը բռնաւորներ իմ անձս փնտռեցին
Եւ քեզ իրենց առջեւ չդրին։
15Բայց դուն, ո՛վ Տէր, գթած ու ողորմած Աստուած ես,
Երկայնամիտ ու ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով լեցուն ես։
16Նայէ՛ ինծի ու ողորմէ՛ ինծի։
Քու զօրութիւնդ տո՛ւր քու ծառայիդ
Ու քու աղախինիդ որդին փրկէ՛։
17Բարութեան նշան մը ցուցո՛ւր ինծի,
Որպէս զի զիս ատողները տեսնեն ու ամչնան։
Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, ինծի օգնեցիր ու զիս մխիթարեցիր։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 86: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.