ՍԱՂՄՈՍ 85
85
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԳԻՆ ԲԱՐՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Կորխի որդիներուն Սաղմոսը
1Ո՛վ Տէր, դուն հաւնեցար քու երկրիդ,
Յակոբը գերութենէ դուն դարձուցիր։
2Քու ժողովուրդիդ անօրէնութիւնը ներեցիր,
Անոնց բոլոր մեղքերը ծածկեցիր։ (Սէլա։)
3Հեռացուցիր քու բոլոր սրտմտութիւնդ,
Ետ դարձար քու սաստիկ բարկութենէդ։
4 # 85:4 Կամ, Մեզի դարձիր Մեզ դարձուր՝ ՝, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը
Եւ քու բարկութիւնդ՝ որ մեր վրայ է՝ դադրեցո՛ւր։
5Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞ս մեզի.
Քու բարկութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ պիտի երկնցնե՞ս։
6Միթէ ետ պիտի չդառնա՞ս ու մեզ կենդանացնես,
Որպէս զի քու ժողովուրդդ քեզմով ուրախ ըլլայ։
7Ցուցո՛ւր մեզի, ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ
Եւ քու փրկութիւնդ մեզի տուր։
8Պիտի լսեմ ինչ որ կը խօսի Տէր Աստուած.
Վասն զի խաղաղութեամբ պիտի խօսի իր ժողովուրդին ու իր սուրբերուն,
Որ սրտով իրեն կը դառնան։
9Արդարեւ փրկութիւնը մօտ է իրմէ վախցողներուն,
Որպէս զի մեր երկրին մէջ փառքը բնակի։
10Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը իրարու պատահեցան,
Արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը իրար համբուրեցին։
11Ճշմարտութիւնը երկրէն պիտի բուսնի
Ու արդարութիւնը երկնքէն վար պիտի նայի։
12Տէրը բարութիւն պիտի տայ
Ու մեր երկիրը՝ իր պտուղը։
13Արդարութիւնը անոր առջեւէն պիտի երթայ
Ու #85:13 Կամ, մեզ իր քայլերուն ճամբուն մէջգնացքները ճամբու՝ ՝ պիտի դնէ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 85: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.