ՍԱՂՄՈՍ 73
73
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սաղմոս Ասափի
1Յիրաւի Աստուած բարի է Իսրայէլի,
Այսինքն սրտով մաքուր եղողներուն։
2Բայց քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին
Ու մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին։
3Վասն զի նախանձեցայ հպարտներուն,
Երբ ամբարիշտներուն յաջողութիւնը տեսայ.
4Քանզի իրենց մահուան ժամանակն ալ ցաւ չունին,
Մարմիննին ալ պատրաստ է։
5Անոնք ուրիշ մարդոց նման նեղութեան մէջ չեն
Եւ ուրիշ մարդոց պէս չեն տանջուիր։
6Անոր համար վզնոցի պէս ամբարտաւանութիւնը զանոնք կը շրջապատէ.
Բռնութիւնը հանդերձի պէս զանոնք կը ծածկէ։
7Անոնց աչքերը պարարտութենէն դուրս կ’ելլեն եւ
Սրտի խորհուրդներէն անդին կ’անցնին։
8Ծաղր կ’ընեն ու չարութիւնով կը խօսին բռնութեան համար,
Հպարտութիւնով կը խօսին։
9Բերաննին երկնքի դէմ կը դնեն
Ու իրենց լեզուն երկրի մէջ կը պտըտի։
10(Անոր համար իր ժողովուրդը հոս պիտի դառնայ
Ու առատութիւնով ջուր պիտի քամուի անոնց։)
11Ու կ’ըսեն. «Աստուած ի՞նչպէս կրնայ գիտնալ,
Բարձրեալին քով գիտութիւն կա՞յ»։
12Ահա ասոնք են ամբարիշտները,
Միշտ յաջողութիւն ունին ու հարստութիւն կ’աւելցնեն։
13Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի
Ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի,
14Որովհետեւ ամէն օր կը տանջուիմ
Ու ամէն առտու կը խրատուիմ։
15Եթէ ըսէի. «Ես այսպէս պիտի խօսիմ»,
Քու որդիներուդ նենգութիւն ըրած պիտի ըլլայի։
16Երբ խորհեցայ ասիկա իմանալու մասին,
Դժուար թուեցաւ իմ աչքերուս,
17Մինչեւ որ Աստուծոյ սրբարանը մտայ,
Անոնց վախճանը իմացայ։
18Իրաւամբ դուն զանոնք սահուն տեղեր դրեր ես.
Կործանման մէջ իջեցուցիր զանոնք։
19Ի՜նչպէս յանկարծակի աւերմունքի մէջ ինկան.
Հատան ու վախերով կորսուեցան։
20Ինչպէս երազ մը՝ մարդուն արթննալէն յետոյ,
Այնպէս, ո՛վ Տէր, #73:20 Կամ, արթննալովքաղաքին մէջ անոնց պատկերը պիտի անարգես։
21Երբ իմ սիրտս ցաւեցաւ
Ու իմ երիկամունքներէս խոցուեցայ,
22Ես յիմար էի ու չէի իմանար,
Քու առջեւդ անասուններու պէս էի։
23Սակայն ես միշտ քեզի հետ եմ,
Դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։
24Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ
Ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս։
25Ո՞վ ունիմ ես երկնքի մէջ.
Երկրի վրայ ալ քեզմէ զատ մէկը չեմ ուզեր։
26Իմ մարմինս ու սիրտս կը մաշին,
Բայց Աստուած իմ սրտիս զօրութիւնը ու իմ բաժինս է յաւիտեան։
27Վասն զի ահա անոնք որ քեզմէ կը հեռանան, կը կորսուին.
Դուն կը սատկեցնես ամէնքը որ շնութիւն կ’ընեն՝ քեզմէ մոլորելով։
28Բայց Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։
Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ,
Որպէս զի քու բոլոր գործերդ պատմեմ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 73: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.