YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 72

72
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ
1Ո՛վ Աստուած, քու իրաւունքներդ թագաւորին տուր
Ու արդարութիւնդ՝ թագաւորին որդիին։
2Անիկա արդարութիւնով պիտի դատէ քու ժողովուրդդ
Ու աղքատներդ՝ իրաւունքով։
3Լեռները խաղաղութիւն պիտի բերեն ժողովուրդին
Ու բլուրներն ալ՝ արդարութիւն։
4Ժողովուրդին աղքատներուն իրաւունք պիտի ընէ,
Տնանկին զաւակները պիտի ազատէ
Ու բռնաւորը պիտի ջարդէ։
5Քեզմէ պիտի վախնան որչափ ատեն որ արեգակը ու լուսինը կը մնան,
Ազգէ մինչեւ ազգ։
6Հնձուած խոտի վրայ իջած անձրեւի պէս պիտի իջնէ,
Տեղատարափներու պէս՝ որոնք երկիրը կը թրջեն։
7Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի
Ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ,
Մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ։
8Ծովէն մինչեւ ծովը պիտի տիրէ անիկա
Ու գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը։
9Անոր առջեւ անապատին բնակիչները ծունկ պիտի ծռեն
Ու անոր թշնամիները փոշի պիտի լզեն։
10Թարսիսի ու կղզիներուն թագաւորները ընծայ պիտի մատուցանեն,
Շաբայի ու Սաբայի թագաւորները պարգեւ պիտի բերեն։
11Բոլոր թագաւորները անոր երկրպագութիւն պիտի ընեն,
Բոլոր ազգերը անոր պիտի ծառայեն։
12Վասն զի աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը,
Խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։
13Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին
Եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։
14Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը
Եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ։
15Պիտի ապրի եւ Շաբայի ոսկիէն անոր պիտի տրուի
Ու ամէն ատեն աղօթք պիտի մատուցանուի անոր։
Ամէն օր պիտի օրհնեն զանիկա։
16Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։
Լեռներուն գլուխը,
Անոր պտուղը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։
Գետնի խոտին պէս պիտի ծաղկին #72:16 Եբր., քաղաքէնքաղաքացիները։
17Անոր անունը յաւիտեան պիտի մնայ։
Որչափ ատեն որ արեգակը կը մնայ, անոր անունն ալ պիտի մնայ
Ու մարդիկ անով պիտի օրհնուին։
Բոլոր ազգերը երանութիւն պիտի տան անոր։
18Օրհնեալ ըլլայ Տէր Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը։
Միայն ինքն է հրաշքներ ընողը։
19Անոր փառաւոր անունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ։
Ու բոլոր երկիր թող լեցուի անոր փառքովը։ Ամէն ու ամէն։
20Յեսսէի որդիին՝ Դաւիթին՝ աղօթքները լմնցան։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 72: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in