YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 67

67
ԵՐԳ ՄԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ
Գլխաւոր երաժշտին Սաղմոսն ու երգը
1Աստուած թող ողորմի մեզի ու օրհնէ մեզ,
Երեսը թող փայլեցնէ մեր վրայ, (Սէլա,)
2Որպէս զի երկրի վրայ քու ճամբադ ճանչցուի
Ու բոլոր ազգերուն մէջ՝ քու փրկութիւնդ։
3Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած,
Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։
4Ազգերը թող ուրախանան ու ցնծան,
Վասն զի ժողովուրդները ուղղութիւնով պիտի դատես
Ու երկրի ազգերը դո՛ւն պիտի առաջնորդես։ (Սէլա։)
5Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած,
Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։
6Երկիր իր պտուղը պիտի տայ.
Ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ։
7Աստուած մեզ պիտի օրհնէ
Ու երկրին բոլոր ծայրերը անկէ պիտի վախնան։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 67: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in