YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 66

66
ԵՐԳ ՄԸ ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ
Գլխաւոր երաժշտին Սաղմոսն ու երգը
1Ո՛վ բոլոր երկիր, ցնծութիւնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։
2Սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը,
Անոր օրհնութիւնը փառաւորեցէ՛ք։
3Աստուծոյ ըսէք. «Որքա՜ն ահաւոր են քու գործերդ.
Քու մեծ զօրութեանդ համար
Թշնամիներդ քեզի #66:3 Եբր., պիտի ստենխոնարհութիւն պիտի ընեն՝ ՝։
4Ամէն երկիր երկրպագութիւն պիտի ընէ քեզի։
Սաղմոս պիտի երգեն քեզի,
Սաղմոս պիտի երգեն քու անուանդ։ (Սէլա։)
5Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Աստուծոյ ըրածները.
Անիկա իր գործովը մարդոց #66:5 Կամ, որդիներէն աւելիորդիներուն վրայ՝ ՝ ահաւոր է։
6Ծովը ցամաքի դարձուց,
Գետէն ոտքով անցան։
Այն տեղը իրմով ուրախացանք։
7Իր ուժովը յաւիտեան կը տիրէ.
Անոր աչքերը ազգերը կը դիտեն.
Ապստամբները իրենց անձերը թող չբարձրացնեն։ (Սէլա։)
8Ո՛վ ժողովուրդներ, օրհնեցէ՛ք մեր Աստուածը
Ու անոր գովութեան ձայնը թող լսուի։
9Անիկա մեր հոգին կենդանի կը պահէ
Ու ոտքերնուս սասանիլ չի տար։
10Վասն զի դո՛ւն քննեցիր մեզ, ո՛վ Աստուած.
Փորձեցիր մեզ, ինչպէս արծաթը կը փորձուի։
11Մեզ որոգայթի մէջ մտցուցիր,
Ծանր բեռ դրիր մեր #66:11 Եբր., երիկամունքներունկռնակին վրայ։
12Մեր գլուխներուն վրայ մարդիկ հեծցուցիր.
Կրակը ու ջուրը մտանք,
Սակայն մեզ առատութեան տեղը հանեցիր։
13Ողջակէզներով պիտի մտնեմ քու տունդ,
Պիտի կատարեմ իմ ուխտերս,
14Որոնք շրթունքներս խոստացան
Ու նեղութեանս մէջ բերանս խօսեցաւ։
15Պարարտ խոյեր իբր ողջակէզ պիտի մատուցանեմ խունկով.
Զուարակներ պիտի զոհեմ նոխազներու հետ։ (Սէլա։)
16Եկէ՛ք, լսեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ Աստուծմէ կը վախնաք
Ու պատմեմ ինչ որ ըրաւ իմ անձիս։
17Բերնովս անոր աղաղակեցի
Ու լեզուովս #66:17 Եբր., անիկա բարձրացաւզանիկա բարձրացուցի՝ ՝։
18Եթէ սրտիս մէջ անօրէնութիւն տեսնէի,
Տէրը պիտի չլսէր։
19Սակայն Աստուած լսեց,
Իմ աղօթքիս ձայնին մտիկ ըրաւ։
20Օրհնեալ ըլլայ Աստուած, որ իմ աղօթքս չմերժեց
Ու իր ողորմութիւնը ինծմէ ետ չդարձուց։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 66: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in