ՍԱՂՄՈՍ 68
68
ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳ ՄԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսն ու երգը
1Թող ելլէ՛ Աստուած եւ անոր թշնամիները թող ցրուին
Ու զինք ատողները իր երեսէն թո՛ղ փախչին։
2Ցրուէ՛ զանոնք ինչպէս մուխը կը ցրուի,
Ինչպէս մոմը կրակին առջեւ կը հալի,
Այնպէ՛ս թող կորսուին ամբարիշտները Աստուծոյ երեսէն։
3Բայց արդարները թո՛ղ ուրախանան,
Աստուծոյ առջեւ թո՛ղ ցնծան
Եւ ուրախութիւնով թո՛ղ զուարճանան։
4Երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը.
Ճամբայ պատրաստեցէ՛ք ամպերու վրայ հեծնողին.
Որուն անունը #68:4 Կամ, Եհովա, այսինքն, ՈՐ ԷՆԵահ է
Ու ցնծացէք անոր առջեւ։
5Որբերուն հայրը ու որբեւարիներուն դատաւորը
Աստուած է՝ իր սուրբ բնակարանին մէջ։
6Աստուած լքեալները տան մէջ կը բնակեցնէ,
Կապուածները յաջողութեան կ’առաջնորդէ,
Բայց ապստամբները չոր տեղ պիտի բնակին։
7Ո՛վ Աստուած, քու ժողովուրդիդ առջեւէն գացած ատենդ,
Անապատէն անցած ատենդ, (Սէլա,)
8Երկիրը շարժեցաւ, երկինքն ալ շաղ կաթեցուց Աստուծոյ երեսէն։
Սինան ալ շարժեցաւ Աստուծոյ, Իսրայէլին Աստուծոյն երեսէն։
9Ո՛վ Աստուած, թէեւ քու ժառանգութիւնդ չորցած էր,
Դուն առատ անձրեւով ոռոգեցիր զանիկա։
10Քու ժողովուրդդ անոր մէջ բնակեցաւ.
Քու բարութիւնովդ աղքատին համար պատրաստեցիր, ո՛վ Աստուած։
11Տէրը պատգամ տուաւ.
Աւետիս տուողները մեծ բազմութիւն են.
12«Զօրքերուն թագաւորները կը փախչին, կը փախչին»։
Տան մէջ բնակող կիները աւարը կը բաժնեն,
13Թէեւ գոմերուն մէջտեղը պառկած ըլլան,
Աղաւնիի թեւերուն պէս արծաթով պատուած
Ու անոր փետուրները՝ դեղին ոսկիով։
14Ամենակարողին՝ այն երկրին վրայ թագաւորներ ցրուած ատենը,
Երկիրը Սելմօնին մէջի ձիւնին պէս ճերմկցաւ։
15Աստուծոյ լեռը Բասան լեռն է,
Բազմագագաթ լեռը Բասան լեռն է,
16Ո՛վ բազմագագաթ լեռներ, ինչո՞ւ նախանձով կը նայիք.
Ասիկա այն լեռն է՝ որուն մէջ Աստուած հաճեցաւ բնակիլ։
Յիրաւի Տէրը հոն պիտի բնակի յաւիտեան։
17Աստուծոյ կառքերը երկու անգամ տասը հազար են, #68:17 Կամ, հազարաւոր հրեշտակներհազարաւոր անգամ հազար՝ ՝.
Տէրը անոնց մէջ է, իր սուրբ տեղն է իբրեւ Սինայի մէջ։
18Բարձր տեղը ելար, գերութիւնը գերի ըրիր,
Պարգեւներ առիր մարդոց համար
Ու ապստամբներուն համար ալ,
Որպէս զի Տէր Աստուած անոնց մէջ բնակի։
19Տէրը օրհնեալ ըլլայ #68:19 Կամ, որ օրէ օր մեր վրայ բարերարութեան բեռ կը դնէօրէ օր.
Եթէ բեռ ալ դնէ մեր վրայ՝ ՝,
Աստուած է մեր փրկիչը։ (Սէլա։)
20Աստուած մեզի փրկութեան Աստուած է,
Մեզ մահուանէն ազատողը Տէր Եհովան է։
21Աստուած պիտի փշրէ իր թշնամիներուն գլուխը,
Նաեւ իր անօրէնութիւններուն մէջ պտըտողին մազոտ գանկը։
22Տէրը ըսաւ. «Զանոնք Բասանէն ետ դարձնեմ.
Ծովուն անդունդներէն ետ դարձնեմ.
23Այնպէս որ ոտքդ արեան մէջ թաթխուի,
Շուներուդ լեզուն թշնամիներէն իր բաժինը առնէ»։
24Քու քալուածքներդ տեսան, ո՛վ Աստուած.
Իմ Աստուծոյս, իմ Թագաւորիս, քալուածքները սուրբ տեղին մէջ։
25Առջեւէն երգողները գացին,
Ետեւէն նուագածուները՝
Թմբուկ զարնող կոյսերուն մէջտեղը։
26«Ժողովուրդներուն մէջ Աստուած օրհնեցէ՛ք,
Տէրը՝ դո՛ւք որ Իսրայէլի աղբիւրէն էք»։
27Այն տեղ են փոքր Բենիամինը, անոնց տիրապետողը,
Յուդայի իշխանները իրենց բազմութիւնովը,
Զաբուղոնի իշխանները ու Նեփթաղիմի իշխանները։
28Քու Աստուածդ քու զօրութիւնդ հաստատեց։
Զօրացո՛ւր, ո՛վ Աստուած, այն բանը որ մեզի համար ըրիր։
29Երուսաղէմ եղող տաճարիդ համար՝
Թագաւորները քեզի ընծաներ պիտի բերեն։
30Եղէգներու մէջ բնակող գազանները ու ցուլերուն ժողովը
Ժողովուրդներուն զուարակներուն հետ սաստէ՛,
Որպէս զի խոնարհին՝ անոնք որ արծաթի կը ցանկան,
Պատերազմ սիրող ժողովուրդները ցրուէ՛։
31Եգիպտոսէն ազնուականներ պիտի գան.
Եթովպիա իր ձեռքերը շուտով Աստուծոյ պիտի երկնցնէ։
32Ո՛վ երկրի թագաւորութիւններ, երգեցէ՛ք Աստուծոյ,
Սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը, (Սէլա,)
33Անոր՝ որ յաւիտեանս յաւիտենից երկինքներուն վրայ #68:33 Եբր., կը հեծնէկը նստի
Ահա անիկա ձայն կու տայ իր զօրաւոր ձայնովը,
34Փառք տուէ՛ք Աստուծոյ.
Անոր մեծավայելչութիւնը Իսրայէլի վրայ է
Ու անոր զօրութիւնը ամպերուն մէջ է։
35Ահաւոր ես, ո՛վ Աստուած, քու սուրբ տեղերուդ մէջ։
Իսրայէլի Աստուածը՝
Ինք կու տայ իր ժողովուրդին ոյժ ու կարողութիւն։
Աստուած օրհնեալ ըլլայ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 68: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.

:
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.