YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 60

60
ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը. երբ տասներկու հազար հոգի զարկաւ
1Ո՛վ Աստուած, մեզ երեսէ ձգեցիր,
Մեզի բարկացար ու ցրուեցիր։
Մեզի դարձիր։
2Երկիրը դողացուցիր, զանիկա պատռեցիր։
Անոր փլած տեղերը նորոգէ՛, վասն զի կ’երերայ։
3Քու ժողովուրդիդ խստութիւն ցուցուցիր.
Մեզի թմրութեան գինի խմցուցիր։
4Քեզմէ վախցողներուն դրօշակ տուիր,
# 60:4 Կամ, Որ փախչին աղեղին երեսէն Ճշմարտութեան համար վերցնելու՝ ՝,
5Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։
Աջ ձեռքովդ ապրեցո՛ւր ու պատասխան տո՛ւր ինծի։
6Աստուած #60:6 Կամ, իր սրբարանին մէջիր սրբութիւնովը՝ ՝ խօսեցաւ, ուստի
Ես պիտի ցնծամ, Սիւքէմը պիտի բաժնեմ
Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։
7Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն,
Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է.
Յուդան իմ օրէնսդիրս է։
8Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է.
Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս։
Ո՛վ Փղշտացիներ, ինծի համար ձայնով ցնծացէ՛ք։
9Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը.
Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։
10Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ
Ու մեր զօրքերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։
11Նեղութեան մէջ մեզի օգնութիւն տուր.
Վասն զի փուճ է մարդուն փրկութիւնը։
12Աստուծմով քաջութիւն պիտի ընենք.
Ու ան պիտի արհամարհէ մեր թշնամիները։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 60: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in