YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 61

61
ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղաղակս
Ու մտիկ ըրէ՛ իմ աղօթքիս։
2Երկրի ծայրէն քեզի պիտի կանչեմ՝ սրտիս մարելու ատենը,
Դէպի ինծմէ բարձր եղած վէմը առաջնորդէ՛ զիս։
3Վասն զի դուն ինծի ապաւէն եղար,
Ամուր աշտարակ մը՝ թշնամիին դէմ։
4Ես քու խորանիդ մէջ պիտի բնակիմ յաւիտեան.
Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ապաւինիմ։ (Սէլա։)
5Վասն զի դուն՝ ո՛վ Աստուած՝ լսեցիր իմ ուխտերս.
Քու անունէդ վախցողներուն ժառանգութիւնը ինծի տուիր։
6Թագաւորին օրերուն վրայ օրեր պիտի աւելցնես.
Անոր տարիները ազգէ մինչեւ ազգ թող տեւեն։
7Անիկա յաւիտեան Աստուծոյ առջեւ պիտի նստի։
Ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն պիտի պատրաստէ, որպէս զի զանիկա պահպանեն։
8Այսպէս սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան,
Որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 61: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in