YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 59

59
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը. երբ իր տունը պաշարեցին զինք մեռցնելու համար
1Թշնամիներէս զիս փրկէ՛, ո՛վ իմ Աստուածս.
Իմ վրաս ելնողներէն զիս պաշտպանէ՛։
2Անօրէնութիւն գործողներէն զիս ազատէ՛
Ու արիւնահեղ մարդոցմէն զիս փրկէ՛։
3Վասն զի ահա իմ անձիս համար դարանը մտան,
Զօրաւոր մարդիկ իմ վրաս հաւաքուեցան։
Ո՛չ թէ մեղքիս ու յանցանքիս համար, ո՛վ Տէր։
4Մեղք չունեցած ատենս ալ վրաս վազեցին ու պատրաստուեցան.
Արթնցի՛ր, զիս դիմաւորէ՛ եւ նայէ՛։
5Ո՛վ Տէր Աստուած զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի,
Արթնցի՛ր եւ բոլոր հեթանոսները քննէ՛։
Չար անօրէններուն բնաւ մի՛ ողորմիր։ (Սէլա։)
6Անոնք իրիկունը ետ կու գան,
Շան պէս կ’ոռնան
Ու քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։
7Ահա իրենց բերնէն չարութիւն դուրս կը թափեն,
Անոնց շրթունքներուն վրայ սուրեր կան,
Վասն զի կ’ըսեն. «Ո՞վ պիտի լսէ»։
8Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, անոնց վրայ պիտի ծիծաղիս։
Բոլոր հեթանոսները ծաղր պիտի ընես։
9Ո՛վ #59:9 Կամ, անոր զօրութիւնըիմ զօրութիւնս՝ ՝, քեզի պիտի սպասեմ,
Վասն զի Աստուած է իմ ապաւէնս։
10Ողորմութեանս Աստուածը ինծի պիտի հասնի.
Աստուած պիտի ցուցնէ ինծի թշնամիներուս կորուստը։
11Մի՛ մեռցներ զանոնք, որպէս զի ժողովուրդս չմոռնայ.
Զանոնք ցիրուցան ըրէ՛ քու զօրութիւնովդ
Ու վար ձգէ՛ զանոնք, ո՛վ Տէր, մեր վահանը։
12Անոնք իրենց բերաններուն մեղքին ու շրթունքներուն խօսքին համար
Իրենց ամբարտաւանութեանը մէջ թող բռնուին,
Նաեւ անէծքին ու սուտին համար որ կը խօսին։
13Կորսնցո՛ւր բարկութիւնով, կորսնցո՛ւր զանոնք՝ որպէս զի ոչնչանան
Ու գիտնան թէ Աստուած կը տիրէ Յակոբին վրայ
Մինչեւ երկրին ծայրերը։ (Սէլա։)
14Անոնք իրիկունը ետ կու գան,
Շան պէս ոռնալով,
Քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։
15Ուտելիքի համար պիտի թափառին,
Եթէ չկշտանան՝ գիշերը այնպէս պիտի անցնեն։
16Բայց ես քու զօրութիւնդ պիտի փառաբանեմ
Ու առտուն քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ,
Վասն զի դուն ինծի պահապան եղար
Ու ապաւէն՝ իմ նեղութեանս օրը։
17Ո՛վ իմ զօրութիւնս, քեզի սաղմոս պիտի երգեմ,
Վասն զի իմ պաշտպանս Աստուած է,
Իմ ողորմութեանս Աստուածը։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 59: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in