ՍԱՂՄՈՍ 55
55
ԲԱՐԵԿԱՄԷ ՄԸ ՄԱՏՆՈՒԱԾԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը
1Ո՛վ Աստուած, ականջ դիր իմ աղօթքիս
Ու իմ խնդրուածքէս քու երեսդ մի՛ ծածկեր։
2Մտի՛կ ըրէ ու պատասխանէ՛ ինծի։
Իմ գանգատովս #55:2 Կամ, կը տրտմիմկը մոլորիմ ու կը խռովիմ,
3Թշնամիին ձայնէն ու ամբարշտին նեղութիւն տալէն,
Վասն զի իմ վրաս անիրաւութիւն կը բերեն
Ու բարկութիւնով զիս կը հալածեն։
4Սիրտս դողաց իմ ներսիդիս
Ու մահուան արհաւիրքները իմ վրաս ինկան։
5Վախ ու դող եկաւ իմ վրաս
Ու սոսկումը զիս ծածկեց
6Ու ըսի. «Երանի՜ թէ աղաւնիի թեւեր ունենայի,
Որպէս զի թռչէի ու հանգիստ ըլլայի։
7Հեռուն պիտի փախչէի,
Անապատին մէջ պիտի բնակէի։ (Սէլա։)
8Սաստիկ հովէն ու փոթորիկէն
Փախչիլ պիտի արտորայի, ապաստան մը գտնելու համար»։
9Ո՛վ Տէր, կորսնցո՛ւր, անոնց լեզուները բաժնէ՛,
Վասն զի քաղաքին մէջ բռնութիւն ու կռիւ տեսայ։
10Ցորեկ ու գիշեր անոր չորս կողմը, անոր պարիսպներուն վրայ կը պտըտին.
Անօրէնութիւն ու չարիք կայ անոր մէջ։
11Անոր մէջ եղեռնագործութիւն կայ
Եւ բռնութիւնը ու նենգութիւնը անոր հրապարակներէն չեն հեռանար,
12Վասն զի թշնամին չէր զիս նախատողը, որ համբերէի.
Կամ ատողը չէր իմ վրաս հպարտացողը, որ անկէ պահուէի։
13Հապա դո՛ւն, ո՛վ մարդ, իմ հաւասա՛րս,
Իմ ընկե՛րս ու ճանչուո՛րս,
14Որ իրարու հետ անոյշ խօսակցութիւն կ’ունենայինք
Եւ բազմութեան հետ Աստուծոյ տունը կ’երթայինք։
15Մահը յանկարծ անոնց վրայ պիտի հասնի
Ու ողջ ողջ գերեզմանը պիտի իջնեն,
Վասն զի իրենց բնակարաններուն ու իրենց մէջ չարութիւն կայ,
16 Իսկ ես Աստուծոյ պիտի կանչեմ
Ու Տէրը զիս պիտի փրկէ։
17Իրիկունը, առտուն ու կէսօրը պիտի գանգատիմ ու հառաչեմ։
Անիկա պիտի լսէ իմ ձայնս։
18Խաղաղութիւնով պիտի փրկէ իմ անձս այն պատերազմէն, որ կը մղեմ,
Վասն զի շատ թշնամիներ ինծի կը մօտենան։
19Աստուած պիտի լսէ
Ու յաւիտենականութեան մէջ բնակողը պիտի խոնարհեցնէ զանոնք. (Սէլա.)
Որովհետեւ չեն փոխուիր անոնք
Ու Աստուծմէ չեն վախնար։
20Ձեռքը իրեն հետ հաշտ եղողներուն վրայ երկնցուց,
Իր ուխտը աւրեց։
21Անոր բերնին խօսքերը կոգիէն կակուղ են,
Բայց անոր սրտին մէջ պատերազմ կայ։
Անոր խօսքերը ձեթէն կակուղ են,
Բայց մերկ սուրեր են։
22Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛
Ու ան քեզ պիտի խնամէ.
Անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ։
23Բայց դուն, ո՛վ Աստուած, զանոնք ապականութեան գուբին մէջ պիտի իջեցնես.
Արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդիկ օրերնուն կիսուն պիտի չհասնին,
Սակայն ես քեզ պիտի յուսամ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 55: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.