YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 54

54
ԱՂՕԹՔ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԷՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ Զիփացիք ըսին Սաւուղին. «Ահա Դաւիթ մեր քով պահուած է»։
1Ո՛վ Աստուած, քու անունովդ զիս ազատէ
Ու քու զօրութիւնովդ իրաւունք ըրէ ինծի։
2Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս։
Բերնիս խօսքերուն ականջ դիր,
3Վասն զի օտարները իմ վրաս ելան
Ու բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս
Ու Աստուած իրենց առջեւ չդրին։ (Սէլա։)
4Ահա Աստուած ինծի օգնական է։
Տէրը իմ հոգիիս պաշտպաններուն հետ է։
5Չարութիւնը թշնամիներուս վրայ պիտի դարձնէ։
Քու ճշմարտութիւնովդ կորսնցուր զանոնք։
6Ես իմ կամքովս քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ,
Ո՛վ Տէր, քու անունդ պիտի գովեմ, վասն զի բարի է,
7Վասն զի ամէն նեղութենէ զիս փրկեց
Ու իմ աչքս թշնամիներուս կորուստը տեսաւ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 54: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in