ՍԱՂՄՈՍ 112
112
ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
1Ալէլուիա՜։ Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ
Ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի։
2Անոր սերունդը զօրաւոր պիտի ըլլայ երկրի վրայ եւ
Ուղիղներուն ցեղը պիտի օրհնուի։
3Առատութիւն ու հարստութիւն պիտի ըլլայ անոր տանը մէջ
Ու անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։
4Խաւարին մէջ լոյս կը ծագի ուղիղներուն, քանզի
Ողորմած ու գթած եւ արդար է։
5Բարի մարդը կ’ողորմի ու փոխ կու տայ,
Իր բաները իրաւունքով կը կատարէ։
6Յիրաւի անիկա յաւիտեան պիտի չսասանի եւ
Արդարին յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ։
7Անիկա գէշ լուրէն չի վախնար.
Անոր սիրտը հաստատ է ու Տէրոջը կը յուսայ։
8Անոր սիրտը հաստատուած է, պիտի չվախնայ,
Մինչեւ իր թշնամիներուն կորուստը տեսնէ։
9Բաշխեց եւ աղքատներուն տուաւ.
Անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։
Անոր եղջիւրը փառքով պիտի բարձրանայ։
10Ամբարիշտը պիտի տեսնէ ու բարկանայ։
Իր ակռաները պիտի կրճտէ ու պիտի հալի։
Ամբարիշտներուն ցանկութիւնը պիտի կորսուի։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 112: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.