ՍԱՂՄՈՍ 111
111
ՏԷՐՈՋԸ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1Ալէլուիա՜։ Բոլոր սրտով Տէրը պիտի գովեմ
Ուղիղներուն ժողովին ու ժողովուրդին մէջ։
2Տէրոջը գործերը մեծ են։
Անոնք բոլոր սիրողներէն կը քննուին։
3Անոր գործը փառաւոր ու վայելուչ է
Եւ անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ։
4Յիշել տուաւ իր հրաշքները։
Տէրը ողորմած ու գթած է։
5Կերակուր տուաւ իրմէ վախցողներուն։
Իր ուխտը յաւիտեան պիտի յիշէ։
6Իր գործերուն զօրութիւնը ցուցուց իր ժողովուրդին,
Անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը։
7Ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը անոր ձեռքերուն գործերն են,
Անոր բոլոր պատուիրանքները հաւատարիմ են։
8Յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են,
Ճշմարտութեամբ եւ ուղղութեամբ եղած են։
9Փրկութիւն ղրկեց իր ժողովուրդին,
Իր ուխտը յաւիտեանս պահել պատուիրեց։
Սուրբ ու ահաւոր է անոր անունը։
10Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է.
Լաւ հասկացողութիւն ունին անոնք, որ զանոնք կը կատարեն.
Անոր օրհնութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 111: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.