YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 101

101
ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՄԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պիտի երգեմ։
Ո՛վ Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ։
2Իմաստութիւնով պիտի քալեմ կատարելութեան ճամբուն մէջ.
Ե՞րբ ինծի պիտի գաս։
Իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնով պիտի վարուիմ։
3Աչքերուս առջեւ շատ բան պիտի չդնեմ,
Մոլորածներուն գործը կ’ատեմ,
Թող անիկա ինծի չփակչի։
4Ծուռ սիրտը թող զատուի ինծմէ։
Չարը պիտի չճանչնամ։
5Ան որ ծածուկ կը խօսի իր ընկերին դէմ, պիտի ջնջեմ.
Ան որ աչքերով բարձր է ու սրտով ամբարտաւան՝
Անոր պիտի չհամբերեմ։
6Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ ըլլան,
Որպէս զի ինծի հետ բնակին։
Կատարելութեան ճամբուն մէջ քալողը
Ինծի ծառայութիւն պիտի ընէ։
7Նենգաւորը պիտի չբնակի իմ տանս մէջ.
Սուտ խօսողը աչքերուս առջեւ պիտի չհաստատուի։
8Առտուն կանուխ պիտի ջնջեմ երկրին բոլոր ամբարիշտները,
Որպէս զի Տէրոջը քաղաքէն բոլոր անօրէնութիւն գործողները կորսնցնեմ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 101: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ՍԱՂՄՈՍ 101