ՍԱՂՄՈՍ 100
100
ԳՈՀՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
Գոհութեան Սաղմոս
1Աղաղակեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր։
2Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ.
Անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ։
3Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած.
Անիկա ստեղծեց մեզ ու #100:3 Կամ, մենք անորն ենքո՛չ թէ մենք՝ ՝.
Մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։
4Մտէ՛ք անոր դռները գոհութեամբ
Ու անոր սրահները՝ օրհնութեամբ.
Գոհացէ՛ք անկէ ու օրհնեցէ՛ք անոր անունը։
5Վասն զի Տէրը բարի է.
Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է
Ու անոր հաւատարմութիւնը՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 100: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.