ԱՌԱԿԱՑ 6
6
ԱՒԵԼԻ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
1Որդեա՛կ իմ, եթէ քու բարեկամիդ համար երաշխաւոր եղար,
Կամ օտար մարդու համար գրաւ դրիր,
2Քու բերնիդ խօսքերովը որոգայթը ինկար,
Բերնիդ խօսքերովը բռնուեցար։
3Որդեա՛կ իմ, պատուէրս կատարէ, որպէս զի ազատիս։
Քանի որ դուն քու բարեկամիդ ձեռքը ինկար,
Գնա քու բարեկամիդ խոնարհէ
Ու թախանձէ անոր։
4Աչքերուդ՝ քուն
Ու արտեւանունքներուդ մրափ մի՛ տար.
5Ազատէ՛ քեզ, ինչպէս այծեամը որսորդին ձեռքէն,
Կամ թռչունը թռչնորսին ծուղակէն կ’ազատի։
6Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա,
Անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր։
7Վասն զի անիկա թէեւ իշխան,
Ոստիկան կամ տիրող չունի,
8Բայց իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ,
Իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը հաւաքէ։
9Ո՛վ ծոյլ, մինչեւ ե՞րբ պիտի պառկիս,
Քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս։
10Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես
Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես հանգչելու համար,
11Այն ատեն քու աղքատութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ
Ու կարօտութիւնդ սպառազինեալ մարդու պէս։
12Անօրէն ու չար մարդը
Ծուռ բերնով կը շարժի.
13Անիկա իր աչքերովը ակնարկութիւն կ’ընէ,
Ոտքերովը կը խօսի
Ու մատներովը բան կը սորվեցնէ։
14Անոր սրտին մէջ ծռութիւն կայ,
Միշտ չարութիւն կը հնարէ ու կռիւներ կը հանէ։
15Ասոր համար անոր կորուստը յանկարծ պիտի գայ։
Անիկա յանկարծ պիտի կոտրուի ու անոր դարման պիտի չգտնուի։
16Տէրը վեց բանէ կը զզուի
Ու անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։
17Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու,
Անմեղ արիւն թափող ձեռքեր,
18Չար խորհուրդ հնարող սիրտ,
Չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր,
19Ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ
Ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ։
ՇՆՈՒԹԵՆԷ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
20Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛
Եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր։
21Զանոնք միշտ քու սրտիդ վրայ կապէ՛,
Զանոնք քու պարանոցէդ կախէ՛։
22Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն թող ընեն.
Քնացած ատենդ քեզ թող պահպանեն
Ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին։
23Քանզի պատուիրանքը՝ ճրագ ու օրէնքը լոյս է։
Եւ խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են,
24Որպէս զի քեզ գէշ կնոջմէն,
Օտար կնոջ շողոքորթող լեզուէն պահեն։
25Սրտիդ մէջ անոր գեղեցկութեանը մի՛ ցանկար
Եւ թող քեզ իր արտեւանունքներովը չբռնէ։
26Վասն զի պոռնիկ կնոջ պատճառով
Մարդ նոյնիսկ պատառ մը հացի կարօտ կ’ըլլայ
Եւ շնացող առնակինը պատուական հոգին կ’որսայ։
27Հնա՞ր է որ մէկը իր ծոցը կրակ դնէ
Ու հանդերձները չայրին։
28Հնա՞ր է որ մէկը կրակի կայծերու վրայ քալէ
Ու անոր ոտքերը չայրին։
29Ասոր պէս է իր դրացիին կնոջը քով գացողն ալ։
Ո՛վ որ անոր դպչի՝ անմեղ չըլլար։
30Գողը եթէ անօթութեան համար ու իր փորը կշտացնելու համար գողութիւն ընէ,
Չեն քամահրեր զանիկա։
31Սակայն եթէ բռնուի, եօթնապատիկ պիտի հատուցանէ,
Իր տանը բոլոր ինչքը պիտի տայ։
32Կնոջ հետ շնութիւն ընողին խելքը պակաս է։
Այս բանը ընողը իր հոգին կը կորսնցնէ։
33Անիկա վէրք ու անարգանք կը գտնէ
Եւ անոր նախատինքը անջնջելի է։
34Քանզի նախանձը էրիկը կը կատղեցնէ
Ու անիկա վրէժխնդրութեան օրը չի խնայեր։
35Անիկա բնաւ մէկ փրկանքի չի նայիր,
Կաշառքը շատցնելու ալ ըլլաս՝ անիկա չի հաճիր։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 6: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.