Տէրը վեց բանէ կը զզուի
Ու անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։
Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու,
Անմեղ արիւն թափող ձեռքեր,
Չար խորհուրդ հնարող սիրտ,
Չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր,
Ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ
Ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ։