YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱԿԱՑ 4

4
ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ
1Որդի՛ք, ձեր հօրը խրատը լսեցէ՛ք
Ու մտի՛կ ըրէք, որպէս զի իմաստութիւնը ճանչնաք։
2Վասն զի ձեզի աղէկ կրթութիւն կու տամ,
Իմ օրէնքս մի՛ թողուք։
3Քանզի ես իմ հօրս տղան էի,
Փափուկ ու սիրելի՝ իմ մօրս առջեւ։
4Անիկա ինծի կը սորվեցնէր ու կ’ըսէր.
«Քու սիրտդ իմ խօսքերս թող բռնէ,
Իմ պատուիրանքներս պահէ ու ապրի։
5Իմաստութիւն ստացիր, խոհեմութիւն ստացիր,
Մի՛ մոռնար ու իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիր։
6Զանիկա մի՛ թողուր ու անիկա քեզ պիտի պահէ։
Զանիկա սիրէ ու անիկա քեզ պիտի պաշտպանէ։
7 Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է։ Իմաստութիւն ստացիր։
Ու բոլոր ստացած բաներուդ հետ խոհեմութիւն ստացիր։
8Զանիկա մեծարէ՛ ու անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ։
Եթէ զանիկա գրկես, քեզ պիտի պատուէ։
9Անիկա քու գլխուդ շնորհներու զարդ պիտի տայ.
Քեզի փառքի պսակ պիտի պարգեւէ»։
10Մտի՛կ ըրէ, որդեա՛կ իմ ու իմ խօսքերս ընդունէ
Եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի շատնան։
11Քեզի իմաստութեան ճամբուն մէջ քալել սորվեցուցի.
Քեզ ուղղութեան շաւիղներուն մէջ պտըտցուցի,
12 Որպէս զի քալելու ատենդ ոտքիդ քայլերը չգայթին
Ու վազելու ատենդ չսահիս։
13Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր.
Զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է։
14Ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար
Ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր։
15Անկէ զգուշացի՛ր, անոր քովէն մի՛ անցնիր,
Անկէ խոտորէ՛ ու անցի՛ր։
16Վասն զի անոնք մինչեւ որ չարութիւն չընեն՝ չեն քնանար
Ու եթէ մէկը չկործանեն՝ քուներնին կը փախչի։
17Քանզի անոնք ամբարշտութեան հացը կ’ուտեն
Ու անիրաւութեան գինին կը խմեն։
18Բայց արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է,
Որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ։
19Ամբարիշտներուն ճամբան խաւարի պէս է
Ու չեն գիտեր թէ՝ ի՞նչ բան իրենց ոտքը պիտի սահեցնէ։
20Որդեա՛կ իմ, մտիկ ըրէ իմ խօսքերուս,
Քու ականջներդ իմ խօսքերուս տուր։
21Անոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չհեռանան,
Զանոնք քու սրտիդ մէջ պահէ,
22Վասն զի անոնք կեանք են զանոնք գտնողներուն
Եւ անոնց մարմնին՝ բժշկութիւն։
23Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ,
Քանզի կեանքի #4:23 Եբր., ելքըաղբիւրները անկէ են։
24Ծուռ բերանը քեզմէ մէկդի՛ ըրէ
Ու անիրաւ շրթունքները քեզմէ հեռացո՛ւր։
25Քու աչքերդ ուղիղ թող նային
Ու արտեւանունքներդ շիտակ դէպի առջեւդ թող ըլլան։
26Ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛
Եւ քու բոլոր ճամբաներդ պիտի հաստատուին։
27Աջ կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր,
Ոտքդ չարութենէ դարձո՛ւր։

Currently Selected:

ԱՌԱԿԱՑ 4: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in