1
ԱՌԱԿԱՑ 4:23
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, Քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են։
Compare
Explore ԱՌԱԿԱՑ 4:23
2
ԱՌԱԿԱՑ 4:26
Ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛ Եւ քու բոլոր ճամբաներդ պիտի հաստատուին։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 4:26
3
ԱՌԱԿԱՑ 4:24
Ծուռ բերանը քեզմէ մէկդի՛ ըրէ Ու անիրաւ շրթունքները քեզմէ հեռացո՛ւր։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 4:24
4
ԱՌԱԿԱՑ 4:7
Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է։ Իմաստութիւն ստացիր։ Ու բոլոր ստացած բաներուդ հետ խոհեմութիւն ստացիր։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 4:7
5
ԱՌԱԿԱՑ 4:18-19
Բայց արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, Որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ։ Ամբարիշտներուն ճամբան խաւարի պէս է Ու չեն գիտեր թէ՝ ի՞նչ բան իրենց ոտքը պիտի սահեցնէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 4:18-19
6
ԱՌԱԿԱՑ 4:6
Զանիկա մի՛ թողուր ու անիկա քեզ պիտի պահէ։ Զանիկա սիրէ ու անիկա քեզ պիտի պաշտպանէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 4:6
7
ԱՌԱԿԱՑ 4:13
Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. Զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 4:13
8
ԱՌԱԿԱՑ 4:14
Ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար Ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 4:14
9
ԱՌԱԿԱՑ 4:1
Որդի՛ք, ձեր հօրը խրատը լսեցէ՛ք Ու մտի՛կ ըրէք, որպէս զի իմաստութիւնը ճանչնաք։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 4:1