YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱԿԱՑ 27

27
1Վաղուան համար մի՛ պարծենար,
Վասն զի չես գիտեր թէ օրը ի՞նչ պիտի ծնանի։
2Քեզ ուրիշը թող գովէ եւ ոչ թէ՝ քու բերանդ,
Օտարը՝ ո՛չ թէ քու շրթունքներդ։
3Քարը՝ ծանրութիւն ու աւազը ծանր բեռ ունի,
Բայց յիմարին բարկութիւնը երկուքէն ալ ծանր է։
4Բարկութիւնը անողորմ է ու սրտմտութիւնը՝ խիստ.
Բայց նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ։
5Յայտնի յանդիմանութիւնը
Ծածուկ սէրէն աղէկ է։
6Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են,
Բայց թշնամիին համբոյրները առատ են։
7Կուշտ մարդը խորիսխը կ’արհամարհէ,
Բայց անօթի մարդուն լեղի բանն ալ անոյշ կու գայ։
8Իր տեղէն թափառական եղող մարդը,
Իր բոյնէն թափառական եղող թռչունին պէս է։
9Իւղն ու խունկը սիրտը կը զուարճացնեն
Եւ սրտմտութենէն հոգին կը խռովի։
10Քու բարեկամդ ու քու հօրդ բարեկամը մի՛ թողուր
Եւ քու նեղութեանդ ատենը քու եղբօրդ տունը մի՛ երթար։
Մօտ դրացին հեռու եղող եղբօրմէն աղէկ է։
11Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր,
Որպէս զի անարգողին պատասխան տամ։
12Խորագէտը չարիք կը տեսնէ ու կը զգուշանայ,
Բայց միամիտները յառաջ կ’անցնին ու վնաս կը կրեն։
13Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին զգեստը ա՛ռ
Եւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն գրաւ ա՛ռ։
14Եթէ մէկը առտու կանուխ ելլէ ու իր դրացին բարձր ձայնով օրհնէ,
Ասիկա անոր անէծք կը սեպուի։
15Անձրեւոտ օրուան շարունակ կաթիլն
Ու կռուազան կինը իրարու կը նմանին։
16Զանիկա պահողը հովը կը պահէ
Եւ աջ ձեռքին մէջ պահուած իւղը զինք կը յայտնէ։
17Երկաթը երկաթով կը սրուի
Ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ։
18Թզենիին հոգ տանողը անոր պտուղը կ’ուտէ
Եւ իր տէրը պահպանողը պատիւ կը գտնէ։
19Ինչպէս ջուրը՝ երեսը երեսին,
Նոյնպէս սիրտը մարդը մարդուն կը ցուցնէ։
20Դժոխքն ու կորուստը չեն կշտանար,
Մարդուն աչքերն ալ չեն կշտանար։
21 Ինչպէս հալոցը՝ արծաթը եւ քուրան ոսկին կը փորձէ,
Այնպէս ալ մարդը զինք գովող բերանը թող փորձէ։
22Յիմարը ցորենի հետ անկանի մէջ հաւանով ծեծես ալ,
Անոր յիմարութիւնը անկէ չ’երթար։
23Քու ոչխարներուդ վիճակը աղէ՛կ գիտցիր
Եւ քու հօտերուդ աղէ՛կ նայէ,
24Վասն զի հարստութիւնը միշտ չի մնար
Ու թագը դարէ դար չի տեւեր։
25Կանանչը կը բուսնի, խոտը կ’երեւնայ
Եւ լեռներուն խոտերը կը հաւաքեն։
26Գառները քու հագուստիդ համար են
Ու նոխազները դաշտերուն գինն են։
27Քու կերակուրիդ համար եւ քու տանդ կերակուրին համար
Ու քու աղախիններուդ ապրուստին համար
Բաւական այծի կաթ պիտի ունենաս։

Currently Selected:

ԱՌԱԿԱՑ 27: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in