ԱՌԱԿԱՑ 26
26
1Ինչպէս ամառուան մէջ՝ ձիւն եւ հունձքի ատեն՝ անձրեւ,
Այնպէս ալ յիմարին պատիւ չի վայլեր։
2Ինչպէս ճնճղուկը կը պտըտի ու ծիծեռնակը կը թռչի,
Այնպէս ալ առանց պատճառի անէծք չի գար։
3Ձիուն՝ խարազան ու իշուն՝ խթան
Եւ յիմարներուն կռնակին գաւազան պէտք է։
4Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան մի՛ տար,
Որպէս զի դուն ալ անոր նման չըլլաս։
5Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան տուր,
Որպէս զի անիկա ինքզինք իմաստուն չկարծէ։
6Յիմարին ձեռքով խօսք ղրկողը
Իր ոտքերը կը կտրէ ու վնաս #26:6 Եբր., կը խմէկը քաշէ։
7 Ինչպէս կաղին ոտքերը կ’երերան,
Այնպէս յիմարին բերնին մէջ՝ առակը։
8Յիմարին պատիւ տուողը
# 26:8 Կամ, Պարսատիկի մէջ քար կապողին Քարակոյտի մը մէջ պատուական քարերու ծրար դնողին՝ ՝ կը նմանի։
9Առակը՝ յիմարին բերնին մէջ,
Գինովին ձեռքը մտնող փուշին պէս է։
10Մեծ է ամէն բան Ստեղծողը,
Որ յիմարին վարձք կու տայ եւ յանցաւորներուն վարձք կու տայ։
11Ինչպէս շունը իր փսխածին կը դառնայ,
Այնպէս ալ յիմարը իր յիմարութեանը կը դառնայ։
12Զինք իմաստուն կարծող մարդ մը տեսա՞ր.
Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։
13Ծոյլը կ’ըսէ. «Ճամբուն մէջ եւ
Հրապարակներուն մէջ առիւծ կայ»։
14Ինչպէս դուռը իր ծխնիներուն վրայ կը դառնայ,
Այնպէս ծոյլը՝ իր անկողնին վրայ։
15Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ,
Բայց բերանը տանելու անգամ դժուարութիւն կը զգայ։
16Ծոյլը՝ իր աչքերուն,
Խելացի պատասխան տուող եօթը մարդէն աւելի իմաստուն կ’երեւնայ։
17Իրենը չեղած դատին համար բարկացող անցորդը
Շունը ականջներէն բռնողին պէս է։
18Ինչպէս կատղած մարդը, որ կրակի կայծեր, նետեր ու մահ կը ցանէ,
19Այնպէս է այն մարդը որ իր բարեկամին նենգութիւն կ’ընէ
Ու ետքը կ’ըսէ. «Կատակ ըրի»։
20Առանց փայտի կրակը կը մարի
Եւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադրի։
21Ինչպէս ածուխը՝ կայծերուն ու փայտը կրակին,
Այնպէս է կռուարար մարդը վէճ բռնկցնելու։
22Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են,
Որոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ’իջնեն։
23Կրքոտ շրթունքները եւ չար սիրտը
Արծաթի կղկղանքով պատուած հողէ ամանի կը նմանին։
24Ատողը իր շրթունքները կը կեղծէ
Ու սրտին մէջ նենգութիւն կը պահէ։
25Անոր գեղեցիկ խօսուածքին մի՛ հաւատար,
Վասն զի անոր սրտին մէջ եօթը զզուելի բան կայ։
26Ան որ իր ատելութիւնը նենգութեամբ կը ծածկէ,
Անոր չարութիւնը ժողովուրդին մէջ պիտի յայտնուի։
27Փոս փորողը ինք մէջը պիտի իյնայ
Եւ ան որ քար կը գլորէ՝ իրեն պիտի դառնայ։
28Ստախօս լեզուն #26:28 Կամ, զինք ծեծողներըիր ծեծածները՝ ՝ կ’ատէ
Ու շողոքորթ բերանը կորուստ կը յառաջացնէ։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 26: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.