ԱԲԴԻՈՒ 1
1
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵԴՈՎՄԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1Աբդիի տեսիլքը։
Տէր Եհովան Եդովմին համար այսպէս կ’ըսէ.
Տէրոջմէ լուր լսեցինք
Ու ազգերուն դեսպան ղրկուեցաւ՝ ըսելով.
«Ելէ՛ք ու անոր դէմ պատերազմի ելլենք»։
2Ահա քեզ ազգերու մէջ պզտկցուցի, ուստի
Դուն խիստ պիտի անարգուիս։
3Քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեց,
Ո՛վ ժայռերու խոռոչներուն մէջ բնակող
Ու բարձր բնակարան ունեցող,
Որ սրտիդ մէջ կ’ըսես՝
‘Ո՞վ զիս գետինը պիտի իջեցնէ’։
4Թէեւ արծիւի պէս բարձրանաս,
Բոյնդ աստղերուն մէջ դնես,
Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
5Եթէ քեզի գողեր կամ գիշերային աւազակներ գային
(Ինչպէ՜ս կործանեցար)
Անոնք իրենց բաւելու չափ պիտի չգողնայի՞ն։
Եթէ քեզի կթողներ գային,
Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն։
6Եսաւ ինչպէ՜ս քննուեցաւ.
Անոր ծածուկ տեղերը խուզարկուեցան։
7Քու բոլոր դաշնակիցներդ քեզ մինչեւ սահմանը ղրկեցին,
Քեզի հետ խաղաղութիւն կնքող մարդիկը քեզ խաբեցին
Ու քեզի յաղթեցին։
Քու հացդ ուտողները քու տակդ որոգայթ լարեցին։
Անոր քով հանճար չկայ։
8«Ահա այն օրը, կ’ըսէ Տէրը,
Եդովմէն իմաստունները
Ու Եսաւին լեռնէն հանճարը բնաջինջ պիտի ընեմ։
9Քու կտրիճներդ, ո՛վ Թեման, պիտի զարհուրին,
Որպէս զի Եսաւին լեռնէն ամէն մարդ սպաննուելով կոտորուի»։
ԵԴՈՎՄԻ ՊԱՏԺՈՒԵԼՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ
10«Քու եղբօրդ Յակոբին եղած անիրաւութեանը համար
Ամօթը քեզ պիտի ծածկէ
Ու յաւիտեան բնաջինջ պիտի ըլլաս։
11 Անոր դէմ կայնած օրդ,
Երբ օտարազգիները անոր զօրքը գերի առին
Ու օտարները անոր դռները մտան
Ու Երուսաղէմի վրայ վիճակ ձգեցին,
Դո՛ւն ալ անոնց պէս ըրիր։
12Ու պէտք չէր որ՝ քու եղբօրդ օրը,
Անոր օտարութեան օրը, անոր նայէիր
Եւ Յուդայի որդիներուն վրայ՝
Անոնց կորուստին օրը՝ խնդայիր
Ու անոնց նեղութեան օրը
Քու բերանդ մեծցնէիր։
13Ո՛չ ալ իմ ժողովուրդիս դուռը՝
Անոնց թշվառութեան օրը՝ մտնէիր,
Անոնց կործանումին օրը
Դուն ալ անոնց չարիքին վրայ նայէիր
Եւ անոնց կործանումին օրը
Անոնց ստացուածքին վրայ ձեռք դնէիր
14Եւ ո՛չ թէ անոր ազատուածները կոտորելու համար
Ճամբուն բերանը կայնէիր
Ու անոր նեղութեան օրը
Անոր մնացորդները մատնէիր»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԱԶԳԵՐԸ ՊԻՏԻ ԴԱՏԷ
15«Քանզի բոլոր ազգերուն վրայ Տէրոջը օրը մօտ է։
Քեզի քու ըրածիդ պէս պիտի ընեն.
Քու հատուցումդ գլուխդ պիտի դառնայ։
16Քանզի ինչպէս դուք իմ սուրբ լերանս վրայ խմեցիք,
Բոլոր ազգերն ալ շարունակ պիտի խմեն.
Պիտի խմեն ու պիտի կլլեն
Ու չեղածի պէս պիտի ըլլան»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
17«Բայց Սիօն լերանը վրայ փրկութիւն պիտի ըլլայ
Եւ սրբութիւն պիտի ըլլայ։
Յակոբին տունը իրենց կալուածներուն պիտի տիրեն։
18Յակոբին տունը՝ կրակ,
Յովսէփին տունը՝ բոց
Ու Եսաւին տունը յարդ պիտի ըլլայ։
Անոնց մէջ պիտի բռնկին,
Զանոնք պիտի ուտեն
Ու Եսաւին տանը մնացորդ մը պիտի չըլլայ,
Քանզի Տէրը խօսեցաւ։
19Եւ հարաւայինները Եսաւին լեռը պիտի ժառանգեն
Ու դաշտայինները՝ Փղշտացիներուն երկիրը,
Նաեւ Եփրեմին դաշտը ու Սամարիային դաշտը պիտի ժառանգեն։
Բենիամին Գաղաադը պիտի ժառանգէ։
20Իսրայէլի որդիներուն այս գերի զօրքերը
Քանանացիներուն ունեցածը պիտի ժառանգեն մինչեւ Սարեփթա։
Երուսաղէմի գերիները, որոնք Սեփարադի մէջ են,
Հարաւային քաղաքները պիտի ժառանգեն։
21Ազատուողները պիտի ելլեն Սիօն լեռը՝
Եսաւին լեռը դատելու համար
Ու թագաւորութիւնը Տէրոջը պիտի ըլլայ»։
Currently Selected:
ԱԲԴԻՈՒ 1: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.