YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՎՆԱՆՈՒ 1

1
ՅՈՎՆԱՆԻ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
1Տէրոջը խօսքը Ամաթիին որդիին Յովնանին եղաւ՝ ըսելով. 2«Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու քարոզէ՛, քանզի անոնց չարութիւնը իմ առջեւս ելաւ»։ 3Բայց Յովնան ելաւ, որ Տէրոջը երեսէն Թարսիս փախչի։ Յոպպէ իջաւ ու նաւ մը գտաւ, որ Թարսիս կ’երթար։ Անոր վարձքը տուաւ ու անոր մէջ մտաւ, որպէս զի անոնց հետ Թարսիս երթայ՝ Տէրոջը երեսէն հեռու։
4Տէրը ծովուն մէջ մեծ հով մը հանեց ու ծովուն մէջ մեծ փոթորիկ մը եղաւ, այնպէս որ նաւը խորտակուելու վտանգին մէջ էր։ 5Նաւաստիները վախցան եւ ամէն մէկը իր աստուծոյն կ’աղաղակէր ու նաւուն մէջի կարասիները ծովը նետեցին, որպէս զի զանիկա թեթեւցնեն. բայց Յովնան նաւուն խորշը իջնելով պառկեր էր ու խորունկ կը քնանար։ 6Նաւապետը անոր մօտեցաւ ու անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՜վ խորունկ քնացող. ելի՛ր քու Աստուծոյդ աղաղակէ, թերեւս Աստուած մեզ յիշէ ու չկորսուինք»։
7Իրարու ըսին. «Եկէ՛ք, վիճա՛կ ձգենք, որպէս զի գիտնանք թէ այս չարիքը որո՞ւն պատճառով մեր վրայ եկաւ»։ Երբ վիճակ ձգեցին, վիճակը Յովնանին ելաւ։ 8Անոնք ըսին անոր. «Հիմա պատմէ՛ մեզի՝ թէ այս չարիքը որո՞ւն պատճառով մեր վրայ եկաւ։ Քու գործդ ի՞նչ է։ Ուրկէ՞ կու գաս։ Քու երկիրդ ո՞րն է ու դուն ո՞ր ժողովուրդէն ես»։ 9Անիկա ըսաւ անոնց. «Ես Եբրայեցի եմ եւ ծովն ու ցամաքը ստեղծող երկնքի Աստուածը՝ Եհովան կը պաշտեմ»։ 10Այն մարդիկը խիստ շատ վախցան ու անոր ըսին. «Այդ բանը ինչո՞ւ ըրիր»։ Քանզի այն մարդիկը գիտցան թէ Տէրոջը երեսէն կը փախչէր, վասն զի անոնց պատմեր էր։ 11Ուստի անոր ըսին. «Քեզի ի՞նչ ընենք, որ ծովը դադարի»։ Քանզի ծովը երթալով աւելի կը սաստկանար։ 12Անիկա ըսաւ անոնց. «Զիս վերցուցէ՛ք ու ծովը նետեցէ՛ք ու ծովը պիտի դադարի, քանզի ես գիտեմ թէ այս մեծ փոթորիկը իմ պատճառովս եղաւ»։
13Այն մարդիկը թի քաշելով կը ջանային նաւը ցամաքը դարձնել, բայց չէին կրնար, քանզի ծովը երթալով աւելի կը սաստկանար։ 14Ուստի Եհովային աղաղակեցին ու ըսին. «Ո՜հ, Եհովա՛, կ’աղաչենք, այս մարդուն հոգիին համար մեզ մի՛ կորսնցներ ու մեր վրայ անմեղ արիւն մի՛ դներ, քանզի դո՛ւն, ո՛վ Եհովա, ուզածիդ պէս ըրիր»։ 15Եւ Յովնանը վերցուցին ու ծովը նետեցին եւ ծովը իր կատաղութենէն դադարեցաւ։ 16Այն մարդիկը Եհովայէն սաստիկ վախցան ու Եհովային զոհ մատուցանեցին եւ ուխտեր ըրին։
17Եւ Տէրը մեծ ձուկի մը հրամայեց, որ Յովնանը կլլէ։ Յովնան երեք օր ու երեք գիշեր ձուկին փորը մնաց։

Currently Selected:

ՅՈՎՆԱՆՈՒ 1: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in