ՆԷԵՄԵԱՅ 13
13
ՕՏԱՐՆԵՐԷՆ ԶԱՏՈՒԻԼ
1Այն օրը Մովսէսին գրքէն #13:1 Եբր., ժողովուրդին ականջներուն կարդացուեցաւկարդացուեցաւ ու ժողովուրդը լսեց՝ ՝ ու հոն գրուած գտնուեցաւ, որ Ամմոնացիներն ու Մովաբացիները Աստուծոյ ժողովարանին մէջ յաւիտեան պէտք չէ մտնեն. 2Որովհետեւ անոնք Իսրայէլի որդիները հացով ու ջրով չդիմաւորեցին, հապա Բաղաամը անոնց դէմ վարձքով բռնեցին, որպէս զի զանոնք անիծէ. բայց մեր Աստուածը անէծքը օրհնութեան դարձուց։ 3Երբ օրէնքին խօսքերը լսեցին, բոլոր օտար մարդիկը Իսրայէլէն զատեցին։
ՆԷԵՄԻԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
4Բայց ասկէ առաջ մեր Աստուծոյն տանը սենեակներուն վերակացուն՝ Եղիասիբ քահանան՝ Տուբիային հետ ազգական եղեր էր։ 5Անոր մեծ սենեակ մը շիներ էր այն տեղ, ուր առաջ հացի ընծաները, կնդրուկն ու անօթները ու Ղեւտացիներուն, երգողներուն եւ դռնապաններուն համար որոշուած ցորենին, գինիին ու իւղին տասանորդները ու քահանաներուն տրուած ընծաները կը դնէին։ 6Այս բոլոր բաներուն ատենը ես Երուսաղէմ չէի, վասն զի Բաբելոնի Արտաշէս թագաւորին երեսունըերկրորդ տարին թագաւորին գացի։ Ժամանակէ մը յետոյ թագաւորէն հրաման առի 7Ու Երուսաղէմ գալով Եղիասիբին ըրած չարութիւնը իմացայ, որ Աստուծոյ տանը գաւիթին մէջ Տուբիային համար սենեակ մը շիներ էր։ 8Եւ շատ նեղուեցայ ու Տուբիային բոլոր կարասիները սենեակէն դուրս նետեցի 9Եւ հրաման ըրի, որ սենեակները մաքրեն եւ Աստուծոյ տանը անօթներն ու հացի ընծան եւ կնդրուկը նորէն հոն դնեն։ 10Նաեւ իմացայ թէ Ղեւտացիներուն բաժինները տրուած չէին, վասն զի սպասաւորութիւն ընող Ղեւտացիները ու երգողները ամէնքն ալ իրենց ագարակները փախեր էին։ 11Անոր համար ոստիկանները յանդիմանեցի ու ըսի. «Աստուծոյ տունը ի՞նչ պատճառով այսպէս թողուած է» եւ Ղեւտացիները հաւաքեցի ու զանոնք իրենց պաշտօններուն մէջ հաստատեցի։ 12Բոլոր Յուդա ցորենին, գինիին ու իւղին տասանորդները գանձարանները բերին 13Եւ գանձարաններուն վրայ Սեղեմիա քահանան ու Սադովկ դպիրը ու Ղեւտացիներէն Փադայիան գանձապետ կարգեցի ու Մաթանիային որդիին Զաքուրին որդին Անանը անոնց հետ էր. վասն զի անոնք հաւատարիմ կը սեպուէին ու անոնց գործը իրենց եղբայրներուն բաժին տալ էր։ 14Ո՛վ Աստուած իմ, ասոր համար զիս յիշէ ու քու տանդ մէջ եւ անոր ծառայութեանը մէջ իմ ըրած բարեգործութիւններս մի՛ ջնջեր։
15Այն օրերը Հրէաստանի մէջ տեսայ թէ շաբաթ օրը խաղող կը կոխէին ու ցորենի որաներ կը բերէին ու էշերու վրայ բեռ կը բեռցնէին, նաեւ գինի, խաղող, թուզ ու ամէն տեսակ բեռ տեսայ, որոնք շաբաթ օրը Երուսաղէմ կը բերէին ու ես ուտելիք ծախած օրերնին #13:15 Եբր., անոնց դէմ վկայութիւն ըրիզանոնք յանդիմանեցի՝ ՝։ 16Եւ հոն բնակող Տիւրացիները ձուկ ու ամէն տեսակ ապրանք կը տանէին եւ շաբաթ օրը Յուդայի որդիներուն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն կը ծախէին։ 17Յուդային ազնուականները յանդիմանեցի ու անոնց ըսի. «Այս ի՞նչ գէշ բան է որ դուք կ’ընէք ու շաբաթ օրը կը պղծէք։ 18Ահա ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին ու մեր Աստուածը մեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ եւ դուք շաբաթը պղծելով՝ Իսրայէլին վրայ բարկութիւն կ’աւելցնէք»։ 19Ուստի շաբաթէն առաջ Երուսաղէմի #13:19 Եբր., դռներուն վրայ շուք եղածին պէսդռներէն արեւը քաշուածին պէս՝ ՝, հրամայեցի որ դռները գոցուին. նաեւ հրամայեցի որ շաբաթը չանցած չբացուին ու դռներուն քով իմ մանչերէս կեցուցի, որպէս զի շաբաթ օրը ներսը բեռ չմտնէ։ 20Վաճառականներն ու ամէն տեսակ ապրանք ծախողները մէկ երկու անգամ գիշերը Երուսաղէմէն դուրս անցուցին։ 21Ես զանոնք յանդիմանեցի՝ ըսելով. «Դուք ինչո՞ւ համար պարիսպին քով գիշերը կ’անցընէք. եթէ անգամ մըն ալ այդպէս ընէք, ձեռքս ձեր վրայ կը դնեմ»։ Անկէ յետոյ անգամ մըն ալ շաբաթ օրը չեկան։ 22Ղեւտացիներուն ըսի, որ զիրենք սրբեն ու շաբաթ օրը սուրբ պահելու համար երթան դռները պահպանութիւն ընեն։ Ո՛վ Աստուած իմ, ասոր համար ալ զիս յիշէ ու քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ինծի ողորմէ։
23Այն օրերը Հրեաներ տեսայ, որոնք Ազովտացի, Ամմոնացի ու Մովաբացի կիներ առեր էին 24Ու անոնց տղաքը Եբրայերէն խօսիլը աղէկ չգիտնալով՝ կէս մը Ազովտացիներու լեզուով կը խօսէին, նմանապէս ուրիշ ազգերու լեզուներով։ 25Այս պատճառով զանոնք յանդիմանեցի ու զանոնք նզովեցի եւ անոնցմէ մէկ քանին ծեծեցի ու մազերնին փետտեցի եւ Աստուծոյ անունովը անոնց երդում ընել տուի՝ ըսելով. «Ձեր աղջիկները անոնց տղոցը պէտք չէ տաք ու անոնց աղջիկներէն ձեր տղոցը կամ ձեզի պէտք չէ առնէք։ 26Ասոնց պատճառով չէ՞ր, որ Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը մեղանչեց ու թէպետեւ շատ ազգերու մէջ անոր պէս թագաւոր չկար եւ իր Աստուծոյն սիրելի էր ու Աստուած զանիկա բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրաւ, սակայն օտարազգի կիները անոր ալ մեղանչել տուին։ 27Եւ հիմա ձեզ թողո՞ւնք որ այս մեծ չարութիւնը շարունակէք ու օտարազգի կիներ առնելով՝ մեր Աստուծոյն դէմ մեղք գործէք»։ 28Եւ մեծ քահանային Եղիասիբին որդիին Յովիադային որդիներէն մէկը Որոնացի Սանաբաղատին փեսան էր. անոր համար զանիկա քովէս վռնտեցի։ 29Ո՛վ Աստուած իմ, զանոնք յիշէ՝ քահանայութիւնը եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն ուխտը պղծելուն համար։ 30Այսպէս զանոնք բոլոր օտարազգիներէն մաքրեցի ու քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերը հաստատեցի, անոնց ամէն մէկը իր պաշտօնին վրայ դնելով. 31Նաեւ որոշուած ժամանակներուն բերուելու փայտի ընծային համար ու երախայրի պտուղներուն համար կարգադրութիւն ըրի։ Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛։
Currently Selected:
ՆԷԵՄԵԱՅ 13: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.