Այն օրը Մովսէսին գրքէն կարդացուեցաւ ու ժողովուրդը լսեց՝ ՝ ու հոն գրուած գտնուեցաւ, որ Ամմոնացիներն ու Մովաբացիները Աստուծոյ ժողովարանին մէջ յաւիտեան պէտք չէ մտնեն. Որովհետեւ անոնք Իսրայէլի որդիները հացով ու ջրով չդիմաւորեցին, հապա Բաղաամը անոնց դէմ վարձքով բռնեցին, որպէս զի զանոնք անիծէ. բայց մեր Աստուածը անէծքը օրհնութեան դարձուց։