YouVersion Logo
Search Icon

ՄԻՔԻԱՅ 3

3
ՄԻՔԻԱՅԻ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԻՇԽԱՆՆԵՐՈՒՆ
1Ու ըսի. «Հիմա լսեցէ՛ք, ո՛վ Յակոբի գլխաւորներ
Ու Իսրայէլի տանը իշխաններ.
Պէտք չէ՞ որ դուք իրաւունքը ճանչնաք,
2Դուք որ աղէկութիւնը կ’ատէք ու չարութիւնը կը սիրէք,
Մարդոց վրայէն մորթերն ու անոնց ոսկորներէն միսերը կը հանէք։
3Անոնք, որ իմ ժողովուրդիս միսը կ’ուտեն,
Անոնց վրայէն մորթերը կը հանեն,
Անոնց ոսկորները կը փշրեն,
Զանոնք պտուկի մէջ ու կաթսայի մէջ եփելու միսի պէս կտոր կտոր կ’ընեն,
4Այն ատեն Տէրոջը պիտի աղաղակեն,
Բայց անոնց պատասխան պիտի չտայ
Ու այն ժամանակ իր երեսը անոնցմէ պիտի ծածկէ,
Վասն զի անոնք չար գործեր ըրին։
5Այսպէս կ’ըսէ Տէրը այն մարգարէներուն համար,
Որոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն,
Իրենց ակռաներովը կը խածնեն,
Խաղաղութիւն կը քարոզեն,
Անոնց բերանը բան չեն դներ,
Բայց անոր դէմ պատերազմ կը հրատարակեն։
6Անոր համար ձեզի գիշեր պիտի ըլլայ,
Որպէս զի տեսիլք չտեսնէք։
Ձեզի խաւար պիտի ըլլայ,
Որպէս զի գէշութիւն չընէք։
Մարգարէներուն վրայ արեւը պիտի մտնէ,
Անոնց վրայ օրը պիտի խաւարի,
7Տեսանողները պիտի ամչնան,
Գուշակողները ամօթով պիտի ըլլան.
Ամէնքն ալ իրենց շրթունքը պիտի ծածկեն,
Վասն զի Աստուծմէ պատասխան մը պիտի չըլլայ։
8Սակայն ես Տէրոջը Հոգիովը՝
Զօրութեամբ, դատաստանով եւ արիութեամբ լեցուած եմ,
Որպէս զի Յակոբին իր յանցանքը
Ու Իսրայէլին իր մեղքը յայտնեմ։
9Հիմա ասիկա լսեցէ՛ք,
Ո՛վ Յակոբի տանը գլխաւորներ
Ու Իսրայէլի տանը իշխաններ,
Դուք որ իրաւունքէն կը զզուիք,
Ամէն ուղղութիւն կը ծռէք,
10Սիօնը՝ արիւններով,
Երուսաղէմը անիրաւութեամբ կը շինէք։
11Անոր գլխաւորները կաշառքով կը դատեն,
Անոր քահանաները վարձքով կը սորվեցնեն,
Անոր մարգարէները ստակով գուշակութիւն կ’ընեն։
Տէրոջը վրայ կը կռթնին ու կ’ըսեն.
«Չէ՞ որ Տէրը մեր մէջ է.
Մեր վրայ չարիք պիտի չգայ»։
12Ուրեմն ձեր պատճառով Սիօն ագարակի պէս պիտի հերկուի,
Երուսաղէմ՝ աւերակներու դէզեր,
Տէրոջը տանը լեռը անտառի բարձր տեղերու պէս պիտի ըլլայ։

Currently Selected:

ՄԻՔԻԱՅ 3: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in