ՄԻՔԻԱՅ 2
2
ԱՂՔԱՏԸ ՆԵՂՈՂՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
1Վա՜յ անոնց, որ անօրէնութիւն կը խորհին
Ու իրենց անկողիններուն մէջ չարութիւն կը մտածեն
Եւ առաւօտեան լոյսին ատենը զանոնք կը գործադրեն,
Քանզի իրենց ձեռքերուն մէջ ոյժ կայ։
2Անոնք ագարակներու կը ցանկան ու զանոնք կը յափշտակեն,
Տուներու՝ զանոնք կ’առնեն։
Մարդուն՝ իր տանը,
Մարդուն ու իր ժառանգութեանը զրկանք կ’ընեն։
3Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես ձեր ազգին համար չարիք կը խորհիմ,
Ուրկէ պիտի չկրնաք ձեր պարանոցը հանել
Ու պիտի չկրնաք հպարտութեամբ քալել,
Վասն զի ժամանակը չար է։
4Այն օրը ձեր վրայ առակ պիտի շինեն
Ու դառն ողբով պիտի ողբան ու ըսեն.
‘Բոլորովին յափշտակուեցանք.
Իմ ժողովուրդիս բաժինը փոխեց,
Զանիկա ի՜նչպէս ինծմէ վերցուց.
Մեր ագարակները ետ տալու տեղ՝ բաժնեց’»։
5Անոր համար Տէրոջը ժողովին մէջ
Վիճակով լար քաշող մը պիտի չունենաս։
6Մարգարէութիւն ընողներուն՝
«Մարգարէութիւն մի՛ ընէք», կ’ըսեն.
«Անոնց մարգարէութիւն պիտի չընեն, քանզի նախատինքը պիտի չվերնայ»։
7Ո՛վ Յակոբի տուն, միթէ Տէրոջը հոգին կարճցա՞ւ,
Անոր գործերը ասո՞նք են.
Միթէ իմ խօսքերս ուղղութեամբ քալողին աղէկ չե՞ն։
8Իմ ժողովուրդս շատոնց ոտքի ելաւ թշնամի ըլլալու համար։
Ապահովութեամբ անցնողներէն, պատերազմի դարձողներէն
Հանդերձներուն #2:8 Կամ, հետվրայէն պատմուճանը կը կողոպտէք։
9Իմ ժողովուրդիս կիները իրենց զուարճալի տուներէն կը վռնտէք,
Անոնց տղաքներէն իմ փառքս կ’առնէք յաւիտեան։
10Ելէ՛ք ու գացէ՛ք,
Քանզի ասիկա հանգստութեան տեղ չէ։
Պիղծ ըլլալուն պատճառով
Մեծ կործանումով բնաջինջ պիտի ըլլայ։
11Եթէ մարդ մը հովի եւ ունայնութեան ետեւէ երթայ
Ու ստութիւն խօսի՝ ըսելով՝
«Գինիի ու օղիի համար քեզի մարգարէութիւն ընեմ»,
Անիկա պիտի ըլլայ այս ժողովուրդին մարգարէն։
12Ո՜վ Յակոբ, ամէնքդ անշուշտ պիտի հաւաքեմ,
Իսրայէլի մնացորդը պիտի հաւաքեմ,
Բօսրայի ոչխարներուն պէս,
Իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս, մէկտեղ պիտի բերեմ։
Մարդոց բազմութեանը համար աղմուկ պիտի ըլլայ։
13Խրամատ բացողը անոնց առջեւ ելաւ։
Անոնք խրամատ բացին ու դռնէն անցան եւ անկէ ելան։
Անոնց թագաւորը անոնց առջեւ անցաւ։
Տէրը՝ իբրեւ անոնց գլուխը՝ առջեւէն կ’երթար։
Currently Selected:
ՄԻՔԻԱՅ 2: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.