YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈԲԱՅ 2

2
ՍԱՏԱՆԱՆ ԿՐԿԻՆ ՅՈԲԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ
1Ուրիշ օր մը Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջը առջեւ։ Սատանան ալ գնաց անոնց հետ։ 2Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Երկրի վրայ շրջելէն ու անոր մէջ պտըտելէն»։ 3Տէրը Սատանային ըսաւ. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ։ Անիկա տակաւին իր կատարելութեանը մէջ հաստատ է, թէեւ դուն ուզեցիր զիս համոզել, որ անիկա զուր տեղը կորսնցնեմ»։ 4Սատանան պատասխան տուաւ ու Տէրոջը ըսաւ. «Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ։ 5Բայց հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ոսկորին ու մարմնին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ 6Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ահա զանիկա քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ անոր կեանքը պահէ»։
7Սատանան գնաց Տէրոջը առջեւէն ու Յոբը՝ ոտքին թաթէն մինչեւ գագաթը՝ գէշ պալարներով զարկաւ։ 8Անիկա խեցիի կտոր մը առաւ, որպէս զի անով քերուի ու մոխիրի մէջ նստաւ։
9Անոր կինը ըսաւ անոր. «Դուն տակաւին քու կատարելութեանդ մէջ հաստատ կը կենա՞ս. Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր»։ 10Յոբ ըսաւ անոր. «Դուն անզգամ կնոջ մը պէս կը խօսիս։ Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք ու չարիք չընդունի՞նք»։ Այս ամենուն մէջ Յոբ իր շրթունքներովը չմեղանչեց։
ՅՈԲԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ
11Յոբին երեք բարեկամները, Եղիփազ Թեմանացին, Բաղդատ #2:11 Կամ, Սովեցի. Տես Ծննդ. 25:2Սօքեցին ու Սոփար Նաամացին, երբ լսեցին անոր գլխուն եկած բոլոր փորձութիւնները, ամէն մէկը իր տեղէն ելլելով եկան ու մէկտեղ հաւաքուեցան, որպէս զի երթան ցաւակից ըլլան անոր ու զանիկա մխիթարեն։ 12Հեռուէն աչքերնին վերցնելով տեսան, բայց չճանչցան զանիկա եւ ձայներնին վերցուցին ու լացին։ Ամէն մէկը իր պատմուճանը պատռելով՝ դէպի երկինք իրենց գլուխներուն վրայ հող ցանեցին։ 13Անոր հետ եօթը օր ու եօթը գիշեր գետնի վրայ նստան։ Մէ՛կը անոր խօսք մը չըսաւ, քանզի տեսան որ անոր ցաւը խիստ սաստիկ էր։

Currently Selected:

ՅՈԲԱՅ 2: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in