Յոբին երեք բարեկամները, Եղիփազ Թեմանացին, Բաղդատ Սօքեցին ու Սոփար Նաամացին, երբ լսեցին անոր գլխուն եկած բոլոր փորձութիւնները, ամէն մէկը իր տեղէն ելլելով եկան ու մէկտեղ հաւաքուեցան, որպէս զի երթան ցաւակից ըլլան անոր ու զանիկա մխիթարեն։ Հեռուէն աչքերնին վերցնելով տեսան, բայց չճանչցան զանիկա եւ ձայներնին վերցուցին ու լացին։ Ամէն մէկը իր պատմուճանը պատռելով՝ դէպի երկինք իրենց գլուխներուն վրայ հող ցանեցին։ Անոր հետ եօթը օր ու եօթը գիշեր գետնի վրայ նստան։ Մէ՛կը անոր խօսք մը չըսաւ, քանզի տեսան որ անոր ցաւը խիստ սաստիկ էր։