ԵՐԵՄԵԱՅ 47
47
ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
1Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիա մարգարէին եղաւ Փղշտացիներուն վրայով՝ դեռ Փարաւոն Գազանը չզարկած։
2Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա հիւսիսէն ջուրեր կու գան,
Որոնք յորդած հեղեղի պէս պիտի ըլլան
Ու երկիրը եւ անոր լիութիւնը,
Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի կոխեն.
Մարդիկ պիտի աղաղակեն,
Երկրին բոլոր բնակիչները պիտի ոռնան։
3Անոր երիվարներուն սմբակներուն ձայնէն,
Անոր կառքերուն շաչիւնէն,
Անիւներուն շառաչիւնէն՝
Հայրերը իրենց տղոցը պիտի չնային
Իրենց ձեռքերուն թուլնալուն համար,
4Բոլոր Փղշտացիները կորսնցնելու
Եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի
Բոլոր մնացած օգնականները կոտորելու եղող օրուանը պատճառով,
Քանզի Տէրը Փղշտացիները,
Կափթոր կղզիին մնացորդները, պիտի կորսնցնէ։
5Գազայի վրայ կնտութիւն եկաւ,
Ասկաղոնը՝ իր հովտին մնացորդովը աւերակ եղաւ.
Մինչեւ ե՞րբ քու մարմնիդ վրայ կտրածներ պիտի ընես։
6Ո՛վ Տէրոջը սուրը,
Մինչեւ ե՞րբ հանդարտ պիտի չկենաս։
Քու պատեանդ դարձիր,
Հանգչէ՛ ու լռէ՛։
7Ի՞նչպէս կրնայ հանդարտ կենալ.
Երբ Տէրը անոր հրամայեր է,
Ասկաղոնի ու ծովեզերքի դէմ
Ղրկեր է զանիկա»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 47: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.