Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիա մարգարէին եղաւ Փղշտացիներուն վրայով՝ դեռ Փարաւոն Գազանը չզարկած։
Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա հիւսիսէն ջուրեր կու գան,
Որոնք յորդած հեղեղի պէս պիտի ըլլան
Ու երկիրը եւ անոր լիութիւնը,
Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի կոխեն.
Մարդիկ պիտի աղաղակեն,
Երկրին բոլոր բնակիչները պիտի ոռնան։