Bible App logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 44

44
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
1Եգիպտոս բնակող բոլոր Հրեաներուն համար, այսինքն Մագդողի, Տափնասի, Մեմփիսի ու Պաթուրէսի մէջ բնակողներուն համար Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ.
2«Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք տեսաք այն ամէն չարիքը, որ Երուսաղէմի վրայ ու բոլոր Յուդայի քաղաքներուն վրայ բերի եւ ահա անոնք այսօր աւերակ են ու անոնց մէջ բնակող չկայ, 3Զիս բարկացնելու համար ըրած չարութիւններուն պատճառով, որ գացին, խունկ ծխեցին ու ծառայութիւն ըրին ուրիշ աստուածներու, որոնք ո՛չ իրենք ճանչցեր էին, ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը։ 4Եւ ես ձեզի ղրկեցի իմ ծառաներս՝ մարգարէները՝ կանուխ ելլելով եւ ըսի. «Այդ պիղծ գործը մի՛ ընէք, որը ես կ’ատեմ»։ 5Բայց մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին, որ իրենց չարութիւններէն դառնան եւ ուրիշ աստուածներու խունկ չծխեն։ 6Ուստի իմ սրտմտութիւնս ու բարկութիւնս թափեցաւ եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ բորբոքեցաւ ու անոնք այսօրուան եղածին պէս անապատ ու ամայի եղան’։ 7Եւ հիմա զօրքերու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինչո՞ւ համար դուք ձեր հոգիին դէմ այս մեծ չարութիւնը կը գործէք, որ Յուդայի մէջէն այր մարդն ու կինը, տղան ու կաթնկեր մանուկը կորսնցնէք, այնպէս որ ձեզի մնացորդ մը չմնայ. 8Ձեր ձեռքերուն գործերովը զիս սրդողեցնելով եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխելով Եգիպտոսի մէջ, ուր դուք մտաք հոն պանդխտանալու համար, որպէս զի ձեր անձը կորսնցնէք ու երկրի բոլոր ազգերուն մէջ անէծք ու նախատինք ըլլաք։ 9Միթէ Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ ձեր հայրերուն ըրած չարութիւնները եւ Յուդայի թագաւորներուն չարութիւնները ու անոնց կիներուն չարութիւնները մոռցա՞ք։ 10Անոնք մինչեւ այսօր իրենց անձերը չխոնարհեցուցին ու չվախցան եւ ձեր առջեւ ու ձեր հայրերուն առջեւ դրած օրէնքիս ու պատուիրանքներուս մէջ չքալեցին։ 11Անոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես իմ երեսս ձեզի կ’ուղղեմ չարիքի ու բոլոր Յուդան կորսնցնելու համար 12Եւ պիտի առնեմ Յուդային մնացորդը, որոնք երեսնին դարձուցին դէպի Եգիպտոս, հոն պանդխտանալու համար, բայց անոնք Եգիպտոսի մէջ պզտիկէն մինչեւ մեծը սուրով ու սովով պիտի մեռնին եւ անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլան։ 13Եգիպտոսի մէջ բնակողները պիտի պատժեմ, ինչպէս Երուսաղէմը՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պատժեցի։ 14Եւ Յուդայի մնացորդէն, այսինքն Եգիպտոս պանդխտանալու գացողներէն, մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ, որ Յուդայի երկիրը դառնան, ուր անոնք կը յուսան դառնալ եւ հոն բնակիլ. վասն զի Եգիպտոսէն փախչողները միայն պիտի դառնան։
15Այն բոլոր մարդիկը, որոնք գիտէին թէ իրենց կիները օտար աստուածներու խունկ կը ծխէին եւ բոլոր ներկայ եղող կիները, մեծ ժողով մը ըրին ու Եգիպտոսի եւ Պաթուրէսի մէջ բնակող բոլոր ժողովուրդը Երեմիային պատասխան տուին՝ ըսելով. 16«Տէրոջը անունով մեզի խօսած խօսքիդ մենք մտիկ չենք ըներ. 17Հապա անշուշտ մեր բերնէն ելած խօսքը պիտի ընենք, երկնքի թագուհիին խունկ ծխելով եւ անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելով, ինչպէս ըրինք մենք ու մեր հայրերը, մեր թագաւորներն ու մեր իշխանները՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, ուր հացով կշտացանք եւ հանգիստ էինք ու չարիք մը չտեսանք։ 18Սակայն այն ատենէն ի վեր, որ երկնքի թագուհիին խունկ ծխելէն ու անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելէն ետ կեցանք, ամէն բանի կարօտ եղանք եւ սուրով ու սովով հատանք։ 19Երբ երկնքի թագուհիին խունկ կը ծխէինք եւ անոր ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէինք, միթէ առանց մեր այրերուն հրամանի՞ն զանիկա պաշտելու համար բլիթներ կը շինէինք ու անոր ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէինք»։
20Երեմիա բոլոր ժողովուրդին, այրերուն եւ կիներուն ու իրեն այս պատասխանը տուող ժողովուրդին ըսաւ. 21«Միթէ այն խունկը, որ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կը ծխէիք, դուք ու ձեր հայրերը, ձեր թագաւորներն ու ձեր իշխանները ու երկրին ժողովուրդը, Տէրը չյիշե՞ց ու անոր միտքը չինկա՞ւ։ 22Տէրը ձեր չար գործերուն ու ձեր ըրած գարշութիւններուն ա՛լ չկրցաւ համբերել, ուստի ձեր երկիրը անապատ, ամայի ու նզովուած եւ անբնակ եղաւ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։ 23Որովհետեւ դուք խունկ ծխեցիք ու Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք եւ Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն չըրիք ու անոր օրէնքին, պատուիրանքներուն ու վկայութիւններուն մէջ չքալեցիք, անոր համար այս չարիքը ձեզի եկաւ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ»։
24Երեմիա բոլոր ժողովուրդին ու բոլոր կիներուն ըսաւ. «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Եգիպտոսի մէջ եղող Յուդա. 25Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք ու ձեր կիները ձեր բերնովը խօսեցաք ու ձեր ձեռքովը գործադրեցիք ու ըսիք «Անշուշտ ըրած ուխտերնիս պիտի կատարենք, այսինքն երկնքի թագուհիին խունկ պիտի ծխենք ու անոր ըմպելի նուէրներ պիտի մատուցանենք». այո՛, դուք ձեր ուխտերուն վրայ հաստատ պիտի կենաք եւ ձեր ուխտերը պիտի կատարէք։ 26Անոր համար Տէրոջը խօսքը լսեցէք, ո՛վ բոլոր Յուդա, որ Եգիպտոսի մէջ կը բնակիք. ‘Ահա ես իմ մեծ անունովս երդում ըրի, կ’ըսէ Տէրը, որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ա՛լ բնաւ Յուդայի մարդու մը բերնէն իմ անունս պիտի չկանչուի՝ ըսելով. «Եհովա Տէրը կենդանի է». 27Ահա ես անոնց վրայ կը հսկեմ չարիքի համար եւ ո՛չ թէ բարիքի համար ու Եգիպտոսի մէջ եղող Յուդայի բոլոր մարդիկը սուրով ու սովով պիտի կոտորուին մինչեւ հատնին։ 28Եւ խիստ քիչ մարդիկ պիտի ըլլան որ սուրէն ազատուելով՝ Եգիպտոսէն Յուդայի երկիրը պիտի դառնան ու Եգիպտոս պանդխտանալու գացող Յուդայի բոլոր մնացորդները պիտի գիտնան թէ որո՛ւն խօսքը պիտի հաստատուի, ի՞մս թէ իրենցը’։ 29‘Եւ ասիկա ձեզի նշան ըլլայ, կ’ըսէ Տէրը, որ այս տեղ ձեզ պիտի պատժեմ, որպէս զի գիտնաք թէ իմ խօսքս ձեր վրայ անշուշտ պիտի հաստատուի չարիքի համար’։ 30Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն Վափառ թագաւորը իր թշնամիներուն ձեռքը ու իր հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ. ինչպէս Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը իր թշնամիին ու իր հոգին փնտռող Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը մատնեցի’»։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 44: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 44