ԵՐԵՄԵԱՅ 43
43
ԵՐԵՄԻԱ ԵԳԻՊՏՈՍ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ
1Երբ Երեմիա բոլոր ժողովուրդին՝ Տէր Աստուծոյն բոլոր խօսքերը լմնցուց, որոնց համար անոնց Տէր Աստուածը զանիկա անոնց ղրկեր էր, այսինքն այս բոլոր խօսքերը, 2Այն ատեն Ովսիային որդին Ազարիան ու Կարէին որդին Յօհանան եւ բոլոր ամբարտաւան մարդիկը Երեմիային խօսեցան ու ըսին. «Դուն սո՛ւտ կը խօսիս. մեր Տէր Աստուածը քեզ չղրկեց, որ մեզի ըսես թէ ‘Եգիպտոս մի՛ մտնէք հոն պանդխտանալու համար’. 3Հապա Ներիային որդին Բարուքը քեզ մեզի դէմ կը հանէ, որպէս զի մեզ Քաղդէացիներուն ձեռքը տայ, որ մեզ մեռցնեն ու մեզ Բաբելոն գերի տանին»։ 4Կարէին որդին Յօհանան ու բոլոր զօրավարները եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը ձայնին մտիկ չըրին, որ Յուդայի երկրին մէջ բնակին. 5Հապա Կարէին որդին Յօհանան ու բոլոր զօրավարները Յուդայի բոլոր մնացորդները առին, որոնք Յուդայի երկրին մէջ բնակելու համար ետ դարձեր էին այն բոլոր ազգերէն՝ ուր ցրուած էին. 6Այսինքն այր մարդիկն ու կիները եւ տղաքներն ու թագաւորին աղջիկները եւ Նաբուզարդան դահճապետին՝ Սափանին որդիին Աքիկամին որդիին Գոդողիային քով թողուցած բոլոր մարդիկը ու Երեմիա մարգարէն եւ Ներիային որդին Բարուքը 7Ու Եգիպտոսի երկիրը տարին, վասն զի Տէրոջը ձայնին մտիկ չըրին ու մինչեւ Տափնաս հասան։
8Տափնասի մէջ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով. 9«Ձեռքդ մեծ քարեր ա՛ռ ու զանոնք Յուդայի մարդոցը աչքերուն առջեւ Տափնաս եղող՝ Փարաւոնին տանը դրանը առջեւի աղիւսատունը կաւին մէջ թաղէ 10Եւ անոնց ըսէ, զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես պիտի ղրկեմ ու իմ ծառաս Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը պիտի առնեմ եւ անոր աթոռը այս իմ թաղած քարերուս վրայ պիտի դնեմ ու անիկա իր արքայական խորանը անոնց վրայ պիտի տարածէ 11Եւ պիտի գայ Եգիպտոսի երկիրը պիտի զարնէ. մահուան համար եղողները մահուան, գերութեան համար եղողները գերութեան եւ սուրի համար եղողները սուրի պիտի մատնէ։ 12Եգիպտոսի աստուածներուն տուներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ. անիկա զանոնք պիտի այրէ ու զանոնք գերի պիտի տանի եւ անիկա Եգիպտոսի երկիրը պիտի հագնի, ինչպէս հովիւը իր հանդերձը կը հագնի ու անկէ խաղաղութեամբ պիտի ելլէ։ 13Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ եղող արեւու տանը արձանները պիտի կոտրտէ ու Եգիպտոսի աստուածներուն տուները կրակով պիտի այրէ’»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 43: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.