ԵՍԱՅԵԱՅ 29
29
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
1Վա՜յ #29:1 Այսինքն, Աստուծոյ կրակարանին, կամ, զոհարանինԱրիէլին,
Դաւիթին բնակած Արիէլ քաղաքին.
Տարի տարիի վրայ աւելցուցէք։
Թող տարեկան տօները դառնան։
2Բայց ես Արիէլը նեղը պիտի ձգեմ ու անիկա տրտում ու տխուր պիտի ըլլայ
Եւ ինծի #29:2 Կամ, զոհարանինԱրիէլին պէս պիտի ըլլայ։
3Ու քեզի դէմ շուրջանակի բանակ պիտի դնեմ,
Քեզ պատնէշներով պիտի պաշարեմ,
Քեզի դէմ հողաբլուրներ պիտի կանգնեցնեմ։
4Եւ պիտի ցածնաս ու գետնէն խօսիս
Եւ քու խօսքերդ հողին տակէն պիտի լսուին
Ու քու ձայնդ վհուկի ձայնին պէս գետնէն պիտի գայ
Եւ քու խօսքդ հողէն պիտի փսփսայ։
5Ու քու թշնամիներուդ բազմութիւնը՝ մանր փոշիի պէս
Եւ քու բռնաւորներուդ բազմութիւնը անցնող մղեղի պէս պիտի ըլլայ։
Ասիկա յանկարծ մէկ վայրկեանի մէջ պիտի ըլլայ։
6Զօրքերու Տէրոջը կողմէ՝
Որոտումով, երկրաշարժով, մեծ ձայնով,
Մրրիկով, փոթորիկով ու մաշող կրակի բոցով
Այցելութիւն մը պիտի ըլլայ։
7Արիէլին վրայ պատերազմի եկող բոլոր ազգերուն բազմութիւնը
Եւ այս քաղաքին վրայ ու անոր պարիսպներուն վրայ բոլոր յարձակողները
Ու զանիկա պաշարողները
Գիշերը տեսնուած երազի պէս պիտի ըլլան։
8Ինչպէս անօթի եղողը երազին մէջ կը տեսնէ թէ կերակուր կ’ուտէ,
Բայց արթննալէն ետքը փորը անօթի կը մնայ,
Ինչպէս ծարաւ մարդը երազին մէջ կը տեսնէ թէ ջուր կը խմէ,
Բայց արթննալէն ետքը կը մարի ու հոգին կը պապակի,
Այնպէս պիտի ըլլայ բոլոր ազգերուն բազմութեանը,
Որ Սիօնի լերանը դէմ պատերազմի կու գայ։
ԱՆՆԿԱՏ ԹՈՂՈՒԱԾ ՅԱՆԴԻՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
9Ապշեցէ՛ք ու զարմացէ՛ք,
Շլացէ՛ք ու թմրեցէ՛ք.
Անոնք արբած են, բայց գինիէն չէ.
Անոնք կ’երերան, բայց ցքիէն չէ.
10Քանզի Տէրը ձեր վրայ թմրութեան ոգի թափեց
Ու ձեր աչքերը գոցեց.
Մարգարէներն ու ձեր գլխաւորները,
Որոնք տեսիլք կը տեսնէին, կուրցուց։
11Եւ ամենուն տեսիլքները կնքուած գրքի մը խօսքերուն պէս պիտի ըլլան ձեզի,
Որ կարդալ գիտցողին կու տան
Ու կ’ըսեն. «Կ’աղաչենք, ասիկա կարդա՛»։
Ու անիկա կ’ըսէ. «Չեմ կրնար, վասն զի կնքուած է»։
12Այն գիրքը կարդալ չգիտցողին կու տան
Ու կ’ըսեն. «Կ’աղաչենք, ասիկա կարդա՛»։
Ու անիկա կ’ըսէ. «Կարդալ չեմ գիտեր»։
13Անոր համար Տէրը կ’ըսէ.
«Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ
Եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ,
Բայց անոնց սիրտը ինծմէ հեռու է
Ու ինծմէ ունեցած վախերնին
Մարդոց սորվեցուցած պատուիրանք մըն է.
14Անոր համար ահա ես այս ժողովուրդին մէջ
Այսուհետեւ զարմանալի գործեր ու հրաշքներ պիտի ընեմ
Եւ անոնց իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսուի
Ու հանճարեղներուն հանճարը բնաջինջ պիտի ըլլայ»։
ՅՈՅՍ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՄԱՐ
15Վա՜յ անոնց, որ խորունկ տեղ կը փնտռեն
Իրենց խորհուրդը Տէրոջմէ պահելու համար
Ու իրենց գործը մութին մէջ կ’ընեն
Ու կ’ըսեն. «Մեզ ո՞վ կը տեսնէ ու մեզ ո՞վ կը ճանչնայ»։
16Դուք գործերը տակն ու վրայ կ’ընէք։
Միթէ բրուտը կաւին տեղ կը դրուի՞.
Քանզի կարելի՞ է, որ առարկան զինք շինողին համար ըսէ.
«Անիկա զիս չշինեց»։
Ու ստեղծուածը՝ զինք ստեղծողին համար ըսէ.
«Անիկա իր ըրածը չի գիտեր»։
17Ահա շատ քիչ ժամանակէն
Լիբանան պտղաբեր արտի պիտի դառնայ
Ու պտղաբեր արտը անտառ պիտի սեպուի։
18Այն օրը խուլերը գրքին խօսքերը պիտի լսեն,
Կոյրերուն աչքերը մէգէն ու խաւարէն ազատուելով՝ պիտի տեսնեն։
19Խեղճերը Տէրոջմով իրենց ուրախութիւնը պիտի աւելցնեն,
Չքաւոր մարդիկ Իսրայէլի Սուրբովը պիտի ցնծան,
20Վասն զի բռնաւորը պիտի վերնայ
Եւ ծաղր ընող պիտի չմնայ
Ու ամէն անոնք, որոնք անօրէնութեան համար կը հսկեն՝ պիտի կորսուին.
21Անոնք ալ, որոնք մարդը դատաստանի մէջ յանցաւոր կը հանեն
Ու քաղաքին դրանը մէջ #29:21 Եբր., յանդիմանութիւնջատագովութիւն ընողին համար որոգայթ կը լարեն
Եւ արդարին իրաւունքը կը խափանեն։
22Անոր համար Աբրահամը փրկող Տէրը
Յակոբին տանը համար այսպէս կ’ըսէ.
«Յակոբ անգամ մըն ալ պիտի չամչնայ
Ու անոր երեսը անգամ մըն ալ պիտի չդեղնի.
23Վասն զի երբ #29:23 Կամ, տեսնենտեսնէ իր տղաքը՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ իր մէջ,
Այն ատեն իմ անունս պիտի #29:23 Եբր., սրբենփառաւորեն,
Յակոբին Սուրբը պիտի #29:23 Եբր., սրբեն փառաւորեն
Ու Իսրայէլին Աստուծմէն պիտի վախնան։
24Հոգիով մոլորածները խոհեմութիւնը պիտի ճանչնան
Ու տրտնջողները իմաստութիւն պիտի սորվին»։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 29: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.