ԵՍԱՅԵԱՅ 28
28
ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
1Վա՜յ Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակին,
Որուն փառաւոր զարդը թառամեալ ծաղիկ մըն է,
Որ գինիով թմրածներուն պարարտ հովիտին գլուխը կը կենայ։
2Ահա Տէրոջ կողմէ քաջ ու զօրաւոր թշնամի մը,
Կարկուտի փոթորիկի պէս, աւերիչ մրրիկի պէս
Ու սաստիկ ջուրերու յորդահոս հեղեղի պէս,
Ձեռքովը գետինը պիտի զարնէ զանոնք։
3Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակը
Ոտքերով պիտի կոխկռտուի։
4Եւ պարարտ հովիտին գլուխը եղող անոր փառքերուն զարդը,
Որ թառամեալ ծաղիկ մըն է,
Հունձքէն առաջ վաղահաս թուզի պէս պիտի ըլլայ,
Որ տեսնողը ձեռքը առածին պէս կը կլլէ։
5Այն օրը զօրքերու Տէրը իր ժողովուրդին մնացորդին
Փառաւոր պսակ ու շքեղ թագ պիտի ըլլայ
6Եւ դատաստանի նստողին՝ արդարութեան ոգի
Ու պատերազմը դէպի թշնամիին դուռը դարձնողին զօրութիւն պիտի ըլլայ։
ԵՍԱՅԻ ԵՒ ՅՈՒԴԱՅԻ ԳԻՆՈՎ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐԸ
7Բայց ասոնք ալ գինիով կը մոլորին
Ու ցքիով կ’երերան։
Քահանան ու մարգարէն ցքիով կը մոլորին.
Անոնք գինիէն կը շփոթին, ցքիէն կը դանդաչեն,
Տեսիլքի մէջ կը մոլորին ու դատաստանի մէջ կը սխալին.
8Վասն զի անոնց բոլոր սեղանները փսխունքի պղծութիւնով ծածկուած են,
Այնպէս որ մաքուր տեղ մը չկայ։
9Որո՞ւ գիտութիւն սորվեցնէ,
Որո՞ւ կրթութիւն հասկցնէ.
Կաթէ կտրուածներո՞ւն,
Ստինքէ զատուածներո՞ւն։
10Քանզի խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ,
Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ,
Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն։
11Յիրաւի այս ժողովուրդին հետ
# 28:11 Եբր., Թոթովախօս Չհասկցուելու շրթունքով եւ օտար լեզուով պիտի խօսի։
12Քանզի անոնց ըսաւ.
«Յոգնածը հանգստացնելու միջոցը ասիկա է
Ու մխիթարութիւնը ասիկա է»։
Բայց անոնք մտիկ ընել չուզեցին։
13Ուստի Տէրոջը խօսքը պիտի ըլլայ անոնց՝
Խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ,
Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ,
Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն.
Որպէս զի երթան, կռնակի վրայ իյնան ու կոտրտին
Եւ որոգայթի մէջ իյնալով բռնուին։
ՍԻՕՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՆԿԵԱՆ ՔԱՐ ՄԸ
14Ուրեմն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք,
Ո՛վ ծաղր ընող մարդիկ,
Որ Երուսաղէմի մէջ բնակող այս ժողովուրդին վրայ կը տիրէք,
15Որովհետեւ ըսիք.
«Մենք մահուան հետ ուխտ ըրինք
Ու գերեզմանին հետ դաշնակից եղանք,
Որ եթէ յորդահոս #28:15 Եբր., խարազանըհեղեղը ասկէ անցնի, մեր վրայ չգայ.
Վասն զի ստութիւնը մեզի պատսպարան ըրինք
Եւ ունայնութեան մէջ պահուեցանք»։
16Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես Սիօնի մէջ վէմ մը կը դնեմ իբրեւ հիմ.
Ընտիր վէմ՝ պատուական անկիւն, հաստատուն հիմ.
‘Ով որ հաւատայ անոր, պիտի չարտորայ փախչելու’։
17Իրաւունքը՝ կապարալար,
Արդարութիւնը խորաչափ պիտի ընեմ։
Կարկուտը ստութեան պատսպարանը պիտի տանի
Ու ջուրերը պահուելու տեղը պիտի կոխեն։
18Մահուան հետ ըրած ուխտերնիդ պիտի աւրուի
Ու գերեզմանին հետ ըրած դաշնակցութիւննիդ պիտի չհաստատուի։
Երբ յորդահոս հեղեղը ասկէ անցնի,
Դուք անոր մէջ պիտի ընկղմիք,
19Անցնելու ատեն ձեզ պիտի քշէ,
Քանզի ամէն առտու, ցորեկ ու գիշեր պիտի անցնի
Ու անոր ձայնը լսելն անգամ սոսկալի պիտի ըլլայ։
20Քանզի անկողինը երկննալու համար կարճ է
Ու ծածկոցը ծածկուելու համար նեղ է։
21Քանզի Տէրը պիտի ելլէ, ինչպէս Փարասին լերանը վրայ ելաւ
Ու պիտի բարկանայ, ինչպէս Գարաւոնին ձորին մէջ բարկացաւ,
Որպէս զի իր օտարոտի գործը կատարէ, որքան խորթ թուի,
Իր պաշտօնը կատարէ, որքան խորհրդաւոր թուի։
22Հիմա ծաղր ընողներ մի՛ ըլլաք,
Որպէս զի չըլլայ թէ ձեր կապանքները աւելի ուժովնան.
Քանզի զօրքերու Տէր Եհովային կողմէ
Բոլոր երկրին վրայ աւերումի վճիռ մը լսեցի։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
23Ակա՛նջ տուէք ու իմ ձայնս լսեցէ՛ք.
Մտի՛կ ըրէք ու իմ խօսքս լսեցէք.
24Միթէ հերկողը ցանելու համար շարունակ կը հերկէ՞.
Միշտ իր երկիրը կը բանայ ու անոր կոշտերը կը տափանէ՞.
25Անոր երեսը շտկելէն ետքը
Միթէ արջնդեղն ու չամանը չի՞ ցաներ
Եւ ցորենը՝ կարգով ու գարին՝ որոշուած տեղը
Եւ հաճարը իր սահմանին մէջ չի՞ դներ։
26Վասն զի իր Աստուածը կրթութիւն կու տայ անոր
Ու կը սորվեցնէ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ։
27Քանզի արջնդեղը կամնասայլով չի ծեծուիր
Ու չամանին վրայ սայլին անիւը չի դառնար.
Հապա արջնդեղը՝ գաւազանով
Ու չամանը ցուպով կը թօթուըուի։
28Հացին ցորենը կը կոխկռտուի,
Բայց զանիկա միշտ չի ծեծեր
Ու սայլին անիւը զանիկա չի կոտրտեր
Եւ ձիերը զանիկա չեն փշրեր։
29Ասիկա ալ զօրքերու Տէրոջմէն կ’ելլէ,
Որուն խորհուրդը սքանչելի է։
Ու անոր իմաստութիւնը գերազանց է։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 28: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.