YouVersion Logo
Search Icon

ԵՍԱՅԵԱՅ 19

19
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵԳԻՊՏՈՍԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1Եգիպտոսին պատգամը։
Ահա Տէրը թեթեւընթաց ամպի վրայ հեծեր է
Ու Եգիպտոս կը մտնէ։
Անոր երեսէն Եգիպտոսին կուռքերը պիտի սարսռան
Ու Եգիպտոսին սիրտը իր ներսիդին պիտի հալի։
2«Եգիպտացիները պիտի #19:2 Կամ, սպառազինեմգրգռեմ Եգիպտացներուն դէմ։
Ամէն մէկը իր եղբօրը հետ եւ ամէն մէկը իր ընկերին հետ,
Քաղաք քաղաքի հետ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան հետ
Պատերազմ պիտի ընէ։
3Եգիպտոսին ոգին իր ներսիդին պիտի նուաղի
Եւ ես անոր խորհուրդը պիտի ցրուեմ։
Անոնք կուռքերու, կախարդներու,
Վհուկներու ու նշանագէտներու պիտի հարցնեն։
4Եգիպտացիները խստասիրտ տիրոջ մը ձեռքը պիտի մատնեմ։
Անոնց վրայ անգութ թագաւորութիւն պիտի տիրէ»,
Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան։
5Եւ ջուրերը ծովէն պիտի պակսին
Ու գետը պիտի ցամքի ու չորնայ։
6 # 19:6 Կամ, գետերը պիտի հոտին Գետերուն ջուրերը պիտի քաշուին՝ ՝
Ու #19:6 Կամ, Եգիպտոսիպարսպապատ քաղաքներուն՝ ՝ գետերը պիտի պարպուին ու չորնան,
Եղէգն ու պրտուն պիտի թառամին։
7Գետին քով ու գետին եզերքին վրայ եղող մարգարիտները
Եւ գետին բոլոր վարուցանը
Պիտի չորնան, ցիրուցան ըլլան ու կորսուին։
8Ձկնորսներն ալ պիտի հեծեն
Ու գետին բոլոր կարթընկէցները պիտի ողբան,
Ջուրին վրայ ցանց նետողները պիտի տրտմին։
9Բարակ քթան գործողները
Ու ճերմակ կտաւ հինողները պիտի ամչնան։
10Անոր #19:10 Կամ, վարպետներըսիւները պիտի կոտրտին
Ու բոլոր վարձք առնողներուն հոգին պիտի տրտմի։
11Իրաւ որ Տայանիսին իշխանները յիմարներ են.
Փարաւոնին իմաստուն խորհրդականներուն խորհուրդը անասնական է։
Ի՞նչպէս Փարաւոնին կրնաք ըսել՝
«Ես իմաստուններու որդի եմ,
Ես հին թագաւորներու որդի եմ»։
12Արդ՝ ո՞ւր են քու իմաստուններդ,
Որ հիմա քեզի պատմեն ու #19:12 Կամ, գիտնանիմացընեն
Թէ զօրքերու Տէրը ի՛նչ վճռեր է Եգիպտոսին համար։
13Տայանիսին իշխանները յիմարացան.
Մեմփիսին իշխանները խաբուեցան.
Իր ցեղերուն գլխաւորները Եգիպտոսը մոլորեցուցին։
14Տէրը անոր մէջ մոլորութեան ոգի խառնեց
Ու անոնք Եգիպտոսը իր ամէն գործի մէջ մոլորեցուցին,
Ինչպէս փսխող գինովը կը մոլորի։
15Եգիպտոսի մէջ գործ պիտի չըլլայ,
Որ գլուխ կամ պոչ եղողը
Արմաւենիի ոստ կամ կնիւն գործէ։
ԵԳԻՊՏՈՍ ՏԷՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏԷ
16Այն օրը Եգիպտոս կիներու պէս պիտի ըլլայ
Ու պիտի դողայ եւ զարհուրի
Զօրքերու Տէրոջը ձեռքին շարժումէն,
Որ պիտի բարձրացնէ անոր վրայ։
17Յուդային երկիրը Եգիպտացիներուն արհաւիրք պիտի ըլլայ։
Ով որ զանիկա յիշէ՝ պիտի վախնայ
Զօրքերու Տէրոջը խորհուրդին պատճառով,
Որ անոր դէմ սահմաներ է։
18Այն օրը Եգիպտոսի մէջ
Քանանի լեզուն խօսող
Եւ զօրքերու Տէրոջը անունովն երդում ընող
Հինգ քաղաք պիտի ըլլայ։
Մէկը #19:18 Կամ, կորստեան. Եբր., ՀերէսԱրեգ քաղաք պիտի կոչուի։
19Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Տէրոջը համար սեղան
Ու անոր սահմանին քով Տէրոջը համար կոթող մը պիտի ըլլայ։
20Անիկա Եգիպտացիներու երկրին մէջ
Զօրքերու Տէրոջը համար նշան ու վկայութիւն պիտի ըլլայ.
Վասն զի բռնաւորներուն պատճառով
Տէրոջը պիտի աղաղակեն
Ու անիկա ազատարար մը ու մեծ մարդ մը ղրկելով անոնց՝ պիտի ազատէ զանոնք։
21Տէրը Եգիպտոսի մէջ պիտի յայտնուի
Ու Եգիպտացիները պիտի ճանչնան Տէրը
Եւ զոհեր ու պատարագներ պիտի մատուցանեն
Եւ Տէրոջը ուխտ պիտի ընեն ու կատարեն։
22Տէրը Եգիպտացիները պիտի զարնէ։
Պիտի զարնէ բայց պիտի բժշկէ
Եւ անոնք Տէրոջը պիտի դառնան
Ու անիկա պիտի ընդունի զանոնք ու պիտի բշկէ։
23Այն օրը Եգիպտոսէն դէպի Ասորեստան բանուկ ճամբայ պիտի ըլլայ
Ու Ասորեստանցիները Եգիպտոս ու Եգիպտացիները Ասորեստան պիտի երթան
Ու Եգիպտացիները Ասորեստանցիներուն հետ Աստուծոյ պիտի ծառայեն։
24Այն օրը Իսրայէլ երրորդ պիտի ըլլայ
Եգիպտոսի ու Ասորեստանի հետ
Ու երկրին մէջ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։
25Քանզի զօրքերու Տէրը զանիկա պիտի օրհնէ
Ու պիտի ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ ժողովուրդս՝ Եգիպտոս
Ու իմ ձեռքերուս գործը՝ Ասորեստան
Եւ իմ ժառանգութիւնս՝ Իսրայէլ»։

Currently Selected:

ԵՍԱՅԵԱՅ 19: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in