1
ԵՍԱՅԵԱՅ 19:25
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Քանզի զօրքերու Տէրը զանիկա պիտի օրհնէ Ու պիտի ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ ժողովուրդս՝ Եգիպտոս Ու իմ ձեռքերուս գործը՝ Ասորեստան Եւ իմ ժառանգութիւնս՝ Իսրայէլ»։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 19:25
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 19:20
Անիկա Եգիպտացիներու երկրին մէջ Զօրքերու Տէրոջը համար նշան ու վկայութիւն պիտի ըլլայ. Վասն զի բռնաւորներուն պատճառով Տէրոջը պիտի աղաղակեն Ու անիկա ազատարար մը ու մեծ մարդ մը ղրկելով անոնց՝ պիտի ազատէ զանոնք։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 19:20
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 19:1
Եգիպտոսին պատգամը։ Ահա Տէրը թեթեւընթաց ամպի վրայ հեծեր է Ու Եգիպտոս կը մտնէ։ Անոր երեսէն Եգիպտոսին կուռքերը պիտի սարսռան Ու Եգիպտոսին սիրտը իր ներսիդին պիտի հալի։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 19:1
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 19:19
Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Տէրոջը համար սեղան Ու անոր սահմանին քով Տէրոջը համար կոթող մը պիտի ըլլայ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 19:19