ԵՍԱՅԵԱՅ 16
16
ՄՈՎԱԲԻՆ ԱՆՅՈՅՍ ՎԻՃԱԿԸ
1Ղրկեցէ՛ք գառը երկրին տիրողին,
Վէմէն անապատին ճամբով Սիօնին աղջկան լեռը։
2Մովաբին աղջիկները Առնոնին անցքերուն քով՝
Բոյնէն վռնտուած թափառական թռչունի պէս պիտի ըլլան։
3«Խորհո՛ւրդ տուր, դատաստա՛ն ըրէ։
Քու հովանիդ կէսօրուան ատեն գիշերի պէս դի՛ր,
Աքսորուածները պահէ՛ ու փախստականները մի՛ յանձներ։
4Աքսորուածները թող քու քովդ պանդուխտի պէս բնակին, ո՛վ Մովաբ.
Դուն զանոնք ծածկէ հալածողէն։
Քանզի բռնաւոր չմնաց, աւերողը պակսեցաւ
Եւ կոխկռտողները երկրին վրայէն վերցուեցան։
5Աթոռը ողորմութեամբ պիտի հաստատուի
Եւ անոր վրայ Դաւիթին խորանին մէջ
Այնպիսի դատաւոր մը պիտի նստի ճշմարտութեամբ,
Որ իրաւունքը պիտի փնտռէ
Ու արդարութիւնը շուտով պիտի գործադրէ»։
6Մովաբին ամբարտաւանութիւնը լսեցինք։
Անիկա խիստ ամբարտաւան է։
Անոր գոռոզութիւնը, ամբարտաւանութիւնն ու սրտմտութիւնը լսեցինք։
Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ են։
7Այս պատճառով Մովաբ պիտի ողբայ,
Ամէնքը պիտի ողբան Մովաբին համար։
Կիրհարէսէթին հիմերուն վրայ պիտի հեծեծէք,
Անոնք իրապէս #16:7 Կամ, վշտացածկործանուած են։
8Քանզի Եսեբոնին դաշտերը նուաղեցան.
Ազգերու իշխանները Սեբամային որթատունկին ամենէն պատուական ճիւղերը կոտրեցին,
Որոնք մինչեւ Յազեր հասեր էին եւ անապատը շրջապատեր էին։
Անոր շառաւիղները երկննալով՝ ծովէն անցեր էին։
9Ասոր համար Սեբամային որթատունկին վրայ Յազերին լացովը պիտի լամ.
Ձեզ աչքիս արցունքովը պիտի ոռոգեմ, ո՛վ Եսեբոն ու Եղէաղէ,
Վասն զի ձեր ամառնային պտուղին ու հունձքին համար եղած աղաղակը դադրեցաւ։
10Պտղաբեր արտերէն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը պիտի վերնան,
Այգիներու մէջ երգերու եւ ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի։
Հնձանի մէջ ա՛լ գինի պիտի չկոխեն։
Անոնց աղաղակը վերջացուցի։
11Այս պատճառով իմ հոգիս՝ Մովաբին համար
Ու սիրտս Կիրհարէսէթին համար քնարի պէս ձայն պիտի տայ։
12Այն ատեն պիտի երեւնայ
Թէ ինչպէս Մովաբ իր բարձր տեղը երթալով պիտի յոգնի
Ու իր սրբարանը պիտի մտնէ աղօթք ընելու համար,
Բայց օգուտ մը պիտի չունենայ։
13Այս է այն խօսքը որ Տէրը #16:13 Եբր., այն ատենէնշատոնց Մովաբին համար ըսեր էր։
14Բայց հիմա Տէրը խօսեցաւ ու ըսաւ.
«Երեք տարուան մէջ, վարձկանի տարիներու պէս,
Մովաբին փառքը պիտի անարգուի
Այն բոլոր մեծ բազմութիւնովը
Եւ մնացորդը խիստ փոքր ու տկար պիտի ըլլայ»։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 16: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.