ԵՍԱՅԵԱՅ 15
15
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄՈՎԱԲԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ
1Մովաբին պատգամը։
Յիրաւի Մովաբին Ար քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ.
Յիրաւի Մովաբին Կիր քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ։
2Անիկա տաճարն ու Դեբոն
Եւ բարձր տեղերը ելաւ լալու համար։
Մովաբ պիտի ողբայ Նաբաւի ու Մեդաբայի համար։
Անոր բոլոր գլուխները կնտակ պիտի ըլլան,
Ամէն մօրուք պիտի կտրուի։
3Անոր փողոցներուն մէջ քուրձ պիտի հագնին,
Անոր տանիքներուն ու հրապարակներուն մէջ
Ամէնքը պիտի ողբան ու #15:3 Եբր., լացի մէջ իջնենլան,
4Եսեբոնն ու Եղէաղէն պիտի աղաղակեն։
Անոնց ձայնը մինչեւ Յասսա պիտի լսուի։
Անոր համար Մովաբին սպառազէնները պիտի կոծեն,
Իրենց հոգին պիտի խռովուի։
5Իմ սիրտս Մովաբին համար պիտի աղաղակէ։
Անոր փախստականները երեք տարեկան երինջի պէս մինչեւ Սեգովը պիտի փախչին.
Քանզի Ղուիթին զառիվերէն լալով պիտի ելլեն,
Վասն զի Որոնայիմի ճամբան կոտորածի աղաղակ պիտի հանեն։
6Քանզի Նեմերիմին ջուրերը կ’աւրուին,
Քանզի խոտը կը չորնայ, կանանչ խոտը կը հատնի
Ու կանանչեղէն չի մնար։
7Անոր համար իրենց ստացած հարստութիւնը
Ու բոլոր պահածնին ուռիներուն ձորը պիտի տանին.
8Քանզի աղաղակը շրջապատեց Մովաբին սահմանը։
Անոր ողբը՝ մինչեւ Եգլայիմ,
Անոր ողբը մինչեւ Բերելիմ հասաւ։
9Քանզի Դեմոնին ջուրերը արիւնով պիտի լեցուին.
Քանզի Դեմոնին վրայ աւելի չարիք
Ու Մովաբէն ազատուածներուն
Ու երկրին մնացորդին վրայ առիւծներ պիտի ղրկեմ։
Currently Selected:
ԵՍԱՅԵԱՅ 15: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.