ՈՎՍԵԱՅ 5
5
1Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ քահանաներ
Ու մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Իսրայէլի տուն
Ու ականջ տուէ՛ք, ո՛վ թագաւորի տուն,
Վասն զի ձեզի համար դատաստան կայ։
Քանզի դուք Մասփայի մէջ՝ որոգայթ
Եւ Թաբօրի վրայ տարածուած վարմ եղաք։
2Մոլորածները սպաննութիւն ընելով մեղքի մէջ խորասոյզ եղան,
# 5:2 Կամ, Ուստի ես անոնց ամենուն վրայ պատիժ պիտի բերեմ Թէեւ ես անոնց ամենուն խրատ կու տայի՝ ՝։
3Ես Եփրեմը կը ճանչնամ
Ու Իսրայէլ ինծմէ պահուած չէ։
Այո՛, հիմա, ո՛վ Եփրեմ, դուն շնութիւն կ’ընես
Ու Իսրայէլ պղծուած է։
ՈՎՍԷԷ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵՆԷ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
4 # 5:4 Կամ, Իրենց գործերը զիրենք չեն թողուր Անոնք իրենց գործերը չեն շտկեր՝ ՝,
Որ իրենց Աստուծոյն դառնան.
Քանզի անոնց մէջ պոռնկութեան ոգի կայ
Ու Տէրը չեն ճանչնար։
5 # 5:5 Կամ, Եւ Իսրայէլի հպարտութիւնը անոր երեսին դէմ կը վկայէ Ուստի Իսրայէլի հպարտութիւնը իր երեսին առջեւ պիտի խոնարհի՝ ՝
Եւ Իսրայէլ ու Եփրեմ իրենց անօրէնութիւնովը պիտի գլորին։
Յուդան ալ անոնց հետ պիտի գլորի։
6Անոնք իրենց ոչխարներովն ու արջառներովը
Տէրը փնտռելու պիտի երթան, բայց պիտի չգտնեն։
Անիկա անոնցմէ պահուեցաւ։
7Անոնք Տէրոջը անհաւատարմութիւն ըրին,
Քանզի օտար տղաքներ ծնան.
Հիմա իրենց վիճակներովը մէկտեղ
# 5:7 Եբր., Մէկ ամիսը զանոնք պիտի ուտէ Մէկ ամսուան մէջ պիտի սպառին՝ ՝։
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՅՈՒԴԱՅԻ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ
8Գաբաայի մէջ շեփոր հնչեցուցէ՛ք
Եւ Ռամայի մէջ՝ փող։
Բեթաւանի մէջ բարձրաձայն կանչեցէ՛ք,
Քու ետեւէդ, ո՛վ Բենիամին։
9Յանդիմանութեան օրը Եփրեմ ամայի պիտի ըլլայ։
Իսրայէլի ցեղերուն մէջ ճշմարիտը ցուցուցի։
10Յուդայի իշխանները սահմաններ փոխողներու պէս եղան,
Անոնց վրայ ջուրի պէս պիտի թափեմ իմ բարկութիւնս։
11Եփրեմ հարստահարուած ու դատաստանով խորտակուած է
Քանզի յօժար կամքով ունայնութեան ետեւէն քալեց։
12Ուստի ես Եփրեմին՝ ցեցի պէս
Եւ Յուդայի տանը փայտի որդի պէս պիտի ըլլամ։
13Երբ Եփրեմը իր ախտը եւ Յուդան իր վէրքը տեսաւ,
Եփրեմ Ասորեստան գնաց
Ու Յարեբ թագաւորին դեսպաններ ղրկեց։
Բայց անիկա ձեզ բժշկելու ու ձեր վէրքը առողջացնելու կարող չէ։
14Քանզի ես Եփրեմին առիւծի պէս
Եւ Յուդայի տանը առոյգ առիւծի պէս պիտի ըլլամ.
Ես, ե՛ս պիտի պատառեմ ու պիտի երթամ։
Պիտի տանիմ ու ազատող մը պիտի չըլլայ։
15Ես կրկին իմ տեղս պիտի դառնամ,
Մինչեւ անոնք իրենց յանցաւոր ըլլալը խոստովանին ու իմ երեսս փնտռեն։
Երբ նեղութեան մէջ փութով զիս փնտռեն ու ըսեն.
Currently Selected:
ՈՎՍԵԱՅ 5: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.