YouVersion Logo
Search Icon

ՈՎՍԵԱՅ 4

4
ՏԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԸ Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ
1Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ,
Քանզի Տէրը երկրի բնակիչներուն հետ վէճ ունի,
Քանզի երկրի վրայ ճշմարտութիւն չկայ ու ողորմութիւն չկայ
Ու Աստուծոյ գիտութիւնը չկայ։
2Երդումն ու ստախօսութիւնը, մարդասպանութիւնը,
Գողութիւնն ու շնութիւնը շատցեր են
Ու արիւնները արիւններու կը խառնեն։
3Անոր համար երկիրը սուգ պիտի բռնէ
Ու անոր բոլոր բնակիչները
Դաշտի գազաններուն ու երկնքի թռչուններուն հետ պիտի նուաղին
Ու ծովու ձուկերն ալ պիտի սպառին։
ՏԷՐԸ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ
4Սակայն մարդ թող չվիճի ու մարդ թող չյանդիմանէ,
Քանզի քու ժողովուրդդ քահանային հետ վիճողներու պէս է։
5Ուստի դուն ցորեկով պիտի գլորիս
Ու մարգարէն ալ քեզի հետ գիշերով պիտի գլորի
Եւ քու մայրդ բնաջինջ պիտի ընեմ։
6Իմ ժողովուրդս գիտութիւն չունենալուն համար բնաջինջ եղաւ.
Որովհետեւ դուն գիտութիւնը մերժեցիր,
Ես ալ քեզ պիտի մերժեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ ինծի քահանայ չըլլաս։
Որովհետեւ քու Աստուծոյդ օրէնքը մոռցար,
Ես ալ քու որդիներդ պիտի մոռնամ։
7Անոնք որչափ բազմացան,
Այնչափ ինծի դէմ մեղք գործեցին.
Ուստի անոնց փառքը անարգութեան պիտի փոխեմ։
8Անոնք իմ ժողովուրդիս մեղքը կ’ուտեն
Եւ #4:8 Կամ, անոնց սրտերը իրենց անօրէնութեանը կը համոզենիրենց սրտերը անոնց անօրէնութեանը կու տան՝ ՝։
9Ուրեմն ինչպէս ժողովուրդին՝ նոյնպէս ալ քահանային պիտի ըլլայ։
Զանոնք իրենց ճամբաներուն համեմատ պիտի պատժեմ
Ու իրենց գործերուն փոխարէնը պիտի հատուցանեմ անոնց։
10Պիտի ուտեն, բայց պիտի չկշտանան։
Պոռնկութիւն պիտի ընեն եւ պիտի չշատնան.
Քանզի Տէրոջը ուշադրութիւն չըրին։
ՏԷՐԸ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
11Շնութիւնը, գինին ու քաղցուն
Սիրտը կը խաբեն։
12Իմ ժողովուրդս իր փայտին կը հարցնէ
Ու իր ցուպը իրեն կ’իմացնէ.
Քանզի պոռնկութեան ոգին զանոնք գլխէ հանեց
Ու իրենց Աստուածը լքելով պոռնկացան։
13Լեռներուն գլուխները զոհ կը մատուցանեն,
Բլուրներուն վրայ՝ կաղնիի, կաղամախի ու բեւեկնիի տակ,
Անոնց հովանիին հաճելի ըլլալուն համար, խունկ կը ծխեն.
Անոր համար ձեր աղջիկները պոռնկութիւն պիտի ընեն
Ու ձեր հարսերը շնութիւն պիտի ընեն։
14Ձեր աղջիկները պիտի չպատժեմ երբ պոռնկութիւն ընեն,
Ո՛չ ալ ձեր հարսերը՝ երբ շնութիւն ընեն.
Քանզի հայրերը իրենք պոռնիկներուն հետ կը մեկուսանան
Ու հանրակիներուն հետ կը զոհեն,
Ուստի անմիտ ժողովուրդը պիտի կործանի։
15Թէեւ դուն պոռնկութիւն կ’ընես, ո՛վ Իսրայէլ,
Յուդա թող յանցաւոր չըլլայ
Ու Գաղգաղա մի՛ մտնէք ու Բեթաւան մի՛ ելլէք։
«Տէրը կենդանի է» ըսելով՝ երդում մի՛ ընէք։
16Քանզի Իսրայէլ կամակոր երինջի պէս ապստամբեր է։
Հիմա Տէրը լայնարձակ տեղ մը գառներու պէս պիտի արածէ զանոնք։
17Եփրեմ կուռքերու յարեր է.
Զանիկա թող տուր։
18Անոնց #4:18 Կամ, գինինխնճոյքը ապականած է։
Շատ պոռնկութիւն ըրին։
Տուէք ըսելը կը սիրեն։
Ամօ՜թ անոնց իշխաններուն։
19Հովը զանիկա իր թեւերուն վրայ պիտի կապէ
Ու անոնք իրենց զոհերէն պիտի ամչնան։

Currently Selected:

ՈՎՍԵԱՅ 4: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in