ԵԶԵԿԻԷԼԻ 32
32
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ԲԱՂԴԱՏՈՒԻ
1Տասնըերկրորդ տարուան տասնըերկրորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին վրայ ողբա՛ ու անոր ըսէ՛.
‘Դուն ազգերու մէջ առոյգ առիւծի կը նմանիս
Եւ ծովերու մէջ վիշապի պէս ես։
Դուն գետերուդ վրայ կը յարձակիս
Ու ոտքերովդ ջուրերը կը խառնես
Եւ անոնց գետերը կը պղտորես’։
3Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
‘Ես շատ ազգերու ժողովուրդով
Իմ ցանցս քու վրադ պիտի տարածեմ
Եւ քեզ իմ ուռկանովս պիտի հանեմ։
4Քեզ գետինը պիտի նետեմ,
Քեզ դաշտի երեսին վրայ պիտի ձգեմ,
Քու վրադ երկնքի բոլոր թռչունները պիտի իջեցնեմ.
5Քու մարմինդ լեռներուն վրայ պիտի դնեմ,
Քու դիակներովդ ձորերը պիտի լեցնեմ։
6Երկիրը, ուր դուն կը լողաս, մինչեւ լեռները
Քու արիւնովդ պիտի ողողեմ
Ու հեղեղատները քեզմով պիտի լեցուին։
7Ու երբ քեզ ջնջեմ՝ երկինքը պիտի ծածկեմ
Ու անոր աստղերը պիտի խաւարեցնեմ.
Արեւը ամպով պիտի ծածկեմ
Ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։
8Քու վերեւդ երկնքի բոլոր լուսաւորները պիտի խաւարեցնեմ,
Քու երկրիդ վրայ մութը պիտի տիրէ’,
Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
9«Երբ քու կործանումիդ լուրը
Ազգերուն ու քեզի անծանօթ երկիրներու հասցնեմ,
Շատ ժողովուրդներու սիրտը պիտի խռովեցնեմ։
10Քու պատճառովդ շատ ժողովուրդներ պիտի տժգունին,
Քու պատճառովդ անոնց թագաւորները խիստ պիտի զարհուրին,
Երբ իմ սուրս անոնց երեսին առջեւ երերցնեմ։
Քու կործանումիդ օրը
Ամէն մարդ իր հոգիին համար ամէն վայրկեան պիտի սարսափի»։
11Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
«Բաբելոնի թագաւորին սուրը քու վրադ պիտի գայ։
12Հսկաներուն սուրերովը քու զօրութիւնդ պիտի կործանեմ։
Բոլոր ազգերու եղեռնագործները պիտի գան եւ
Եգիպտոսի հպարտութիւնը պիտի կործանեն եւ
Անոր զօրութիւնը պիտի խորտակեն։
13Եւ անոր բոլոր անասունները
Շատ ջուրերու քովէն պիտի կորսնցնեմ։
Անգամ մըն ալ մարդու ոտքը զանոնք պիտի չպղտորէ։
Անասունի կճղակներն ալ զանոնք պիտի չպղտորեն։
14Այն ատեն անոնց ջուրերը ականակիտ պիտի ընեմ
Եւ անոնց գետերը իւղի պէս պիտի քալեցնեմ»։
15Տէր Եհովան կ’ըսէ.
«Երբ Եգիպտոսի երկիրը աւերակ դարձնեմ,
Երկիրը #32:15 Եբր., իր լիութենէնբոլորովին ամայանայ,
Երբ անոր բոլոր բնակիչները զարնեմ, այն ատեն
Պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
16«Այս ողբն է զոր պիտի ըսեն։
Ազգերուն աղջիկները պիտի ըսեն,
Եգիպտոսի վրայ ու անոր բոլոր ժողովուրդին վրայ պիտի ըսեն»։
ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ
17Տասնըերկրորդ տարուան, առաջին ամսուան տասնըհինգին, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
18«Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի ժողովուրդին վրայ ողբա՛,
Զանիկա ու երեւելի ազգերուն աղջիկները
Գուբը իջնողներուն հետ գետնին տակերը իջեցո՛ւր։
19‘Դուն որմէ՞ գեղեցիկ ես.
Իջի՛ր ու անթլփատներուն հետ պառկէ՛’։
20Անոնք սուրով սպաննուածներուն մէջ պիտի իյնան։
Անիկա սուրի տրուեցաւ։
Զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդը քաշկռտեցէ՛ք։
21Գերեզմանին մէջ զօրաւոր կտրիճները
Անոր օգնութիւն ընողներուն հետ անոր պիտի խօսին։
Անոնց սուրով սպաննուած անթլփատները հոն իջած կը պառկին։
22Ասուր ու իր բոլոր ժողովուրդը հոն են։
Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են,
Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են։
23Անոնց գերեզմանները գուբին խորունկ տեղերը տեղաւորուած են։
Անոր ժողովուրդը գերեզմանին բոլորտիքն են։
Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են.
Անոնք, որ կենդանիներու երկրին մէջ վախ կ’ազդէին,
24Եղամ ու իր բոլոր ժողովուրդը
Հո՛ն, անոր գերեզմանին բոլորտիքն են։
Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են
Ու անթլփատ իջան երկրին խորերը։
Անոնք որ կենդանիներու երկիրը կը վախցնէին,
Հիմա գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։
25Սպաննուածներուն մէջ անկողին պատրաստեցին անոր ու իր ժողովուրդին,
Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են.
Ամէնքը սուրով սպաննուած անթլփատներ են,
Թէպէտեւ անոնք կենդանիներու երկրին մէջ զանոնք կը վախցնէին,
Հիմա գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։
Անոնք սպաննուածներուն մէջ դրուած են։
26Մոսոքն ու Թոբէլը եւ անոնց բոլոր ժողովուրդը հոն են։
Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են։
Ամէնքը սուրով սպաննուած անթլփատներ են,
Թէպէտեւ անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ զանոնք կը վախցնէին։
27Անոնք անթլփատներէն ինկող հսկաներուն հետ պիտի չպառկին.
Որոնք իրենց պատերազմական զէնքերովը գերեզման իջան
Եւ իրենց սուրերը իրենց գլուխներուն տակ դրին.
Սակայն անոնց անօրէնութիւնները իրենց ոսկորներուն վրայ պիտի ըլլան,
Թէեւ անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ հսկաներուն սարսափն էին։
28Դուն անթլփատներուն մէջ պիտի կոտորուիս
Ու սուրով սպաննուածներուն հետ պիտի պառկիս։
29Եդովմ, իր թագաւորներն ու բոլոր իշխանները հոն են,
Որոնք իրենց զօրութիւնովը սուրով սպաննուածներուն հետ դրուած են։
Անոնք անթլփատներուն հետ
Ու գուբը իջնողներուն հետ կը պառկին։
30Հիւսիսի բոլոր իշխանները եւ բոլոր Սիդոնացիները հոն են,
Որոնք սպաննուածներուն հետ իջան։
Անոնք իրենց բռնութեամբ կատարած աւերներէն կ՛ամչնան,
Անոնք սուրով սպաննուածներուն հետ անթլփատ կը պառկին
Ու գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։
31Փարաւոն զանոնք պիտի տեսնէ եւ մխիթարուի
Անոնց բոլոր զօրութեան եւ իր բոլոր վիրաւորներուն վրայ,
Որոնք սուրով սպաննուեցան»,
Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
32 # 32:32 Կամ, Թէեւ կենդանիներուն երկրին անոր վախը դրի, Բայց «Քանզի կենդանիներուն երկրին մէջ իմ վախս դրի։
Անոնք անթլփատներուն մէջ սուրով սպաննուածներուն հետ պիտի պառկին,
Այսինքն Փարաւոն ու անոր բոլոր ժողովուրդը»,
Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
Currently Selected:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 32: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.