YouVersion Logo
Search Icon

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 33

33
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵԶԵԿԻԷԼԸ ՊԱՀԱՊԱՆ ԿԸ ԿԱՐԳԷ
(Եզեկ. 3:16-21)
1Դարձեա՛լ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիներուն խօսէ՛ ու ըսէ՛. ‘Եթէ երկրի մը վրայ սուր բերեմ ու այն երկրին ժողովուրդը իրենց մէջէն մարդ մը ընտրեն ու զանիկա իրենց համար դէտ դնեն 3Ու անիկա այն երկրին վրայ սուրին գալը տեսնէ եւ փողը հնչեցնէ ու ժողովուրդը զգուշացնէ 4Եւ եթէ փողին ձայնը լսողը չզգուշանայ եւ սուրը գայ՝ զանիկա վերցնէ, անոր արիւնը իր գլուխը պիտի ըլլայ։ 5Անիկա փողին ձայնը լսեց ու չզգուշացաւ, անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ. բայց զգուշացողը իր հոգին պիտի ազատէ։ 6Իսկ եթէ դէտը սուրին գալը տեսնէ եւ փողը չհնչեցնէ ու ժողովուրդը չզգուշանայ եւ սուրը գայ ու անոնցմէ մէկը վերցնէ, իր անօրէնութեանը համար վերցուեցաւ. բայց անոր արիւնը դէտին ձեռքէն պիտի պահանջեմ’։
7«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի, որ իմ խօսքս լսես եւ իմ կողմէս զանոնք զգուշացնես։ 8Երբ ամբարշտին ըսեմ՝ «Ո՛վ ամբարիշտ, անշուշտ պիտի մեռնիս», բայց դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն չզգուշացնես, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։ 9Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն զգուշացնես, որպէս զի անկէ դառնայ ու անիկա իր ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած պիտի ըլլաս»։
ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
10Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը ըսէ. ‘Դուք այսպէս կը խօսիք ու կ’ըսէք. «Մեր յանցանքներն ու մեղքերը մեր վրայ են ու մենք անոնց մէջ կը մաշինք, ուրեմն ի՞նչպէս պիտի ապրինք»’։ 11Անոնց ըսէ՛. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ ամբարշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։ Դարձէ՛ք, դարձէ՛ք ձեր չար ճամբաներէն։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն’»։
12«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ քու ժողովուրդիդ որդիներուն ըսէ՛. ‘Արդարին արդարութիւնը՝ անոր յանցանք ըրած օրը զանիկա պիտի չազատէ ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը՝ իր ամբարշտութենէն դարձած օրը իրեն գլորման պատճառ պիտի չըլլայ. ո՛չ ալ արդարը մեղք գործած օրը իր արդարութիւնովը պիտի կրնայ ապրիլ’։ 13Երբ ես արդարին ըսեմ թէ անշուշտ պիտի ապրի ու անիկա իր արդարութեանը ապաւինելով անօրէնութիւն ընէ, անոր բոլոր արդարութիւնը պիտի չյիշուի, հապա անիկա իր ըրած անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի։ 14Ու երբ ամբարշտին ըսեմ թէ ‘Դուն անշուշտ պիտի մեռնիս’ ու անիկա իր մեղքէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, 15Այն ամբարիշտը գրաւը ետ տայ ու յափշտակածը հատուցանէ եւ անօրէնութիւն չընելով՝ կեանքի կանոններուն համեմատ քալէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։ 16Անոր գործած բոլոր մեղքերը պիտի չյիշուին։ Անիկա իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ, անշուշտ պիտի ապրի»։
17Քու ժողովուրդիդ որդիները կ’ըսեն թէ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’. սակայն իրենց ճամբան է որ ուղիղ չէ։ 18Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու անօրէնութիւն ընէ, անիկա անոր մէջ պիտի մեռնի։ 19Երբ ամբարիշտը իր ամբարշտութենէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անոնցմով պիտի ապրի։ 20Բայց դուք կ’ըսէք թէ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Ես ձեր ամէն մէկուն դատաստանը իր ճամբաներուն համեմատ պիտի տեսնեմ, ո՛վ Իսրայէլի տուն»։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿՈՒՄԻՆ ԼՈՒՐԸ
21Մեր գերութեանը տասնըերկրորդ տարուան, տասներորդ ամսուան հինգերորդ օրը, Երուսաղէմէն ազատուած մը ինծի եկաւ ու ըսաւ. ‘Քաղաքը զարնուեցաւ’։ 22Դեռ այն ազատուածը չեկած՝ իրիկունը՝ Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու իմ բերանս բացաւ, ապա առաւօտուն անիկա ինծի եկաւ ու երբ բերանս բացուեցաւ՝ ա՛լ համր չէի։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԵՂՔԵՐԸ
23Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 24«Որդի՛ մարդոյ, այս Իսրայէլի երկրին աւերակներուն բնակիչները կը խօսին ու կ’ըսեն. ‘Աբրահամ մէ՛կ մարդ էր ու երկիրը ժառանգեց։ Մենք որ շատուոր ենք, անշուշտ երկիրը մեզի ժառանգութիւն տրուեցաւ’։ 25Անոր համար ըսէ անոնց, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք միսը արիւնով կ’ուտէք ու աչքերնիդ ձեր կուռքերուն կը վերցնէք։ Արիւն կը թափէք ու այդ երկի՞րը պիտի ժառանգէք։ 26Դուք ձեր սուրերուն կ’ապաւինիք, պղծութիւն կ’ընէք, ամէն մէկդ իր ընկերին կինը կը պղծէ։ Այս երկիրը պիտի ժառանգէ՞ք’։ 27Անոնց այսպէս ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կենդանի եմ, որ աւերակներուն մէջ եղողները սուրով պիտի իյնան ու դաշտին երեսը եղողները գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան եւ բերդերուն ու քարայրներուն մէջ եղողները ժանտախտով պիտի մեռնին։ 28Երկիրը բոլորովին պիտի ամայացնեմ եւ անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի կորսուի։ Իսրայէլի լեռներն ալ պիտի ամայացնեմ եւ անոնց վրայէն անցնող պիտի չըլլայ։ 29Երբ երկիրը բոլորովին ամայացնեմ իրենց ըրած բոլոր գարշութիւններուն համար, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։
ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
30«Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիները պատերուն քով ու տուներուն դռներուն քով քու վրադ կը խօսակցին, ամէն մարդ իր եղբօրը կը խօսի ու կ’ըսէ. ‘Հիմա եկէ՛ք ու լսեցէ՛ք թէ ի՞նչ է Տէրոջը ըսած խօսքը’։ 31Անոնք ժողովուրդին գալուն պէս քեզի կու գան ու քու առջեւդ իմ ժողովուրդիս պէս կը նստին եւ քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն կատարեր. վասն զի անոնք իրենց բերնովը կը ձեւացնեն թէ համաձայն են, բայց սրտերնին իրենց ագահութեանը ետեւէն կ’երթան։ 32Ահա դուն անոնց՝ քաղցրաձայն ու հմուտ նուագածուի մը ախորժելի երգին պէս ես, որոնք քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն գործադրեր։ 33Սակայն երբ ասիկա ըլլայ (եւ պիտի ըլլայ), այն ատեն պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կար»։

Currently Selected:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 33: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in